​Սեւրի Մխիթարեաններու Հարցով Դատարանը Իր Վճիռը Արձակեց - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

23 Mart 2020  

​Սեւրի Մխիթարեաններու Հարցով Դատարանը Իր Վճիռը Արձակեց -

​Սեւրի Մխիթարեաններու Հարցով Դատարանը Իր Վճիռը Արձակեց ​Սեւրի Մխիթարեաններու Հարցով Դատարանը Իր Վճիռը Արձակեց

Ծանօթ է, որ Սեւրի Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի տարածքի ապագային շուրջ շատ լուրջ տարակարծութիւններ ծագած էին՝ մէկ կողմէ պապական նուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի գլխաւորած ճակատին, միւս կողմէ Փաթրիք Տէվէճեանի գլխաւորած Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան (Association du Collège Arménien de Sèvres) միջեւ եւ հարցը հասած էր մինչեւ դատարան՝ ճշդելու համար, թէ կողմերէն ո՛ր մէկը լիազօրուած է երբեմնի վարժարանի ճակատագիրին մասին որոշումներ տալու:

Ներկայիս, Սեւրի հայկական վարժարանին ընկերակցութեան հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ Նանթերի դատարանը իր վճիռը արձակած է եւ ջնջած այն բոլոր որոշումները, զորս տուած էր Լեւոն Զէքիեանի գլխաւորած մարմինը (Association du Collège Arménien Fondation Samuel Moorat 1846):

Հաղորդագրութեան մէջ կը պնդուի, թէ այդ մարմինը թէ՛ ապօրինի ձեւով նախագահ նշանակած է Զէքիեանը, թէ՛ ալ բազմաթիւ ապօրինութիւններ կան Սեւրի վարժարանի հողատարածքին վրայ եկամտաբեր շէնքեր կառուցելու նպատակով յատկապէս կազմուած անոր վարչական խորհուրդին կանոնադրութեան մէջ:

Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան վարչական խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ իր նպատակն է Սեւրի հողատարածքը յատկացնել իր նախնական կոչումին, որ պատսպարելն է հայ լեզուին, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած կրթական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ մատենադարան մը, հետազօտութեան կեդրոն մը եւ թանգարան մը, որոնք միասնաբար պիտի կազմեն Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, եւ համայնքային՝ տօնական եւ բարեսիրական ձեռնարկներու յարմար վայր մը: «Դարաւոր, աւանդութեան հաւատարիմ մնալով՝ ծրագիրին մէջ Մխիթարեան հայրերու միաբանութիւնը պիտի պահպանէ իր մտաւորական եւ հոգեւոր տեղը» տողերով կ՛աւարտի հաղորդագրութիւնը:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+