Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Կը Թաքցնէ Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Հեռագիրները․ Աքչամ -
Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Կը Թաքցնէ Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Հեռագիրները․ Աքչամ
Աշխարհ «Թուրքիան դիտաւորեալ կը թաքցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը»: Այս մասին Al Arabiya հեռուստաալիքի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է պատմաբան Թաներ Աքչամ:
Անոր խօսքով` Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը թաքցնէ ցեղասպանութեան մասին պատմող հեռագիրները, որոնք օգտագործուած են 1919-ին Պոլսոյ ռազմական դատաւորութեան ընթացքին:
Ռազմական դատավարութեան ժամանակ, Աքչամի խօսքով, այդ հեռագիրներու մէջբերումներու հիման վրայ պետական մեղադրողները գրած են մեղադրական որոշումներ եւ դատավճիռներ:
Աքչամ նշած է, որ փաստաթուղթերը գտած է ոչ թէ մասնաւոր, այլ `պետական արխիւներու մէջ: Պատմաբանը աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական գործիչները կը պայքարին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար` ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի հարցով իրենց ջանքերու ծիրէն ներս:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com