​Էրտողան կը նկարուի Էգէական ծովու կէսը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ցոյց տուող քարտէսի մը առջեւ - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Gündem :

12 Eylül 2019  

​Էրտողան կը նկարուի Էգէական ծովու կէսը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ցոյց տուող քարտէսի մը առջեւ -

​Էրտողան կը նկարուի Էգէական ծովու կէսը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ցոյց տուող քարտէսի մը առջեւ ​Էրտողան կը նկարուի Էգէական ծովու կէսը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ցոյց տուող քարտէսի մը առջեւ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լուսանկարուեցաւ քարտէսի մը առջեւ, որ արտացոլումն է թուրք նախագահի «Կապոյտ հայրենիքի» երազանքներուն։ Նկարը առնուած է 31 Օգոստոսին, Թուրքիոյ Ազգային պաշտպանութեան համալսարանէն ներս, ուր տեղի ունեցան Փոքր Ասիոյ «յաղթանակ»ի ելոյթները, որոնք առնչուած էին Քեմալական շարժման եւ Իզմիրի աղէտին հետ։
Քարտէսը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ 462.000 քառ. քմ. տարածութիւն մը, որուն մէջ ներառնուած է նաեւ Էգէական ծովու կէսը, անոր արեւելեան եւ միջին մասերու յունական կղզիները, ինչպէս նաեւ Կրէտէի արեւելեան ծովային մասը եւ Երկոտասան կղզիները։

Յունաստանի հակազդեցութիւնը

Անմիջական եղաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հակազդեցութիւնը։ Ան նշեց թէ, Թուրքիան տարածաշրջանի աղմկարարն է եւ Յունաստան պիտի չի հետեւի անոր գլորումին։
«Սահմանները չեն հաստատուիր ոեւէ մէկու գծած քարտէսին հիմամբ, այլ միայն միջազգային օրէնքի ուժով։ Նման շարժումներու կամ նկարներու երեւումը չի կրնար տապալել միջազգային օրինաւորութիւնը. ապօրինի քայլերը միմիայն կը փաստեն Թուրքիոյ ապօրէն ըլլալու իրողութիւնը։ Կը թելադրենք, որ Թուրքիա լրջանայ եւ վերադառնայ միջազգային օրէնքի սահմաններուն մէջ։ Այն նկարը զիս ցաւ կը պատճառէ։ Մենք, դիմացի կողմի թակարդին մէջ չենք իյնար, Յունաստան հաստատօրէն եւրոպական երկիր մըն է», աւելցուց յոյն նախարարը։







Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+