Զեկոյց Ի Մասին Եկեղեցական Համագումար Ժողովի -
Զեկոյց Ի Մասին Եկեղեցական Համագումար Ժողովի
Թուրքիոյ Հայոց Եկեղեցական Համագումար Ժողովը գումարուեցաւ 4 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Համագումարին մասնակցեցան 25 հոգեւորականներ։
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։ Ապա կատարուեցաւ Հանգստեան Կարգ Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներուն, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր եւ վախճանեալ հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Ներկաներու ստուգումէն ետք ձեռնարկուեցաւ Դիւանի ընտրութեան եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ Ատենապետ, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան՝ Ատենադպիր, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան՝ քուէի ստուգիչ անդամներ ընտրուեցան։
Բացման խօսքը արտասանեց Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, որ արտայայտուելով օրակարգի մասին, պարզեց Ժողովին գումարման նպատակը։
Ձեռնարկուեցաւ ընտրութեան՝ գաղտնի քուէարկութեամբ։ Գործածուած 25 քուէներու վրայ 13 քուէներով «Պատրիարքական Տեղապահ» ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ընտրութեան արդիւնքը յայտարարուեցաւ Ժողովի Դիւանին կողմէ։
Ապա, Ժողովը փակուեցաւ Տեղապահ Սրբազան Հօր ընթերցած ուխտագրով եւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։
4 Յուլիս 2019
ԴԻՒԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԻ
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com