Սելինա Տողան -
Սելինա Տողան
«Շնորհաւորութիւն Իմամօղլուին», կ'ըսէ Սելինա Տողան- Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետը ողջոյնի խօսք ուղղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն
0Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, ընդդիմադիր գործիչ, քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» անդամ Սելինա Տողան Twitterի մէջ անդրադարձած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն։
Ան մէջբերած է Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած ընդդիմութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուուի յետընտրական առաջին ելոյթի խօսքերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած վերջինիս, կը փոխանցէ ermenihaberը:
Տողան գրած է. «էքրեմ Իմամօղլու կ՛ըսէ. «Այս քաղաքին մէջ փոքրամասնութիւններ չկան: Շնորհակալութիւն Իմամօղլուուին Պոլսոյ մէջ բազմակարծութիւնը եւ բոլորին ինքնութիւնը կարեւոր համարելու համար»: Յիշեցնենք, որ Սելինա Տողանը պատգամաւոր ընտրուուած է 2015-ին: Ան պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ կին գործիչներէն է: Ան այժմ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի աւագանիի անդամ է:
Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետը ողջոյնի խօսք ուղղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն
Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն, ընտրութիւններուն տարած իր յաղթանակէն յետոյ, ելոյթ ունեցած էր, ուր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ընտրութիւններուն ժամանակ իրեն սատարած ազգային փոքրամասնութիւններուն գծով:
«Մեր հայրենիքի մարդոց կը սիրեմ: Կապ չունի, թե ով է: Ազգային ծագումը կապ չունի: Մենք եկած ենք բոլորին գրկելու: Մենք կը յարգենք այս քաղաքի բոլոր կրօնները: Այս քաղաքին մէջ չկայ «փոքրամասնութիւն» հասկացողութիւնը: Մենք պիտի գրկենք յոյներուն, հայերուն, ասորիներուն, հրեաներուն»,- Իմամօղլուուի խօսքերը մեջբերած է gazeteduvar.com.tr կայքը:
Նորընտիր քաղաքապետը ծագումով Տրապիզոն քաղաքէն է: Նախընտրական փուլի ժամանակ, իշխանական մամուլը զինք «մեղադրած էր» պոնտոսցի յոյն ծագում ունենալու մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com