​Մեծամօր»ի աթոմակայան - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

02 Temmuz 2019  

​Մեծամօր»ի աթոմակայան -

​Մեծամօր»ի աթոմակայան ​Մեծամօր»ի աթոմակայան

Թուրքիա կը վախնայ, որ աղէտ կրնայ պատահիլ «Մեծամօր»ի աթոմակայանին մէջ

0Պոլ­սոյ «­Մար­մա­րա» թեր­թը կը հա­ղոր­դէ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան լու­րը, թէ Իգ­տի­րի մէջ քա­նի մը օր ա­ռաջ, յա­տուկ աշ­խա­տա­ժո­ղով մը գու­մա­րո­ւե­ցաւ եւ վար­ժանք­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան ու պաշտ­պա­նա­կան մի­ջոց­ներ մշա­կո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի «­Մե­ծա­մօր»ի ա­թո­մա­կա­յա­նին հա­մար: ­Թեր­թը կը նշէ, թէ այս բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րո­ւե­ցան նկա­տի ու­նե­նա­լով, թէ ի՞նչ քայ­լեր պի­տի առ­նուին, ե­թէ յան­կարծ ա­ղէտ մը պա­տա­հի «­Մե­ծա­մօր»ի մէջ: «­Մե­ծա­մօր»ի ա­թո­մա­կա­յա­նը կը գտնո­ւի ­Թուր­քիոյ հետ սահ­մա­նի ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ: Վար­ժանք­նե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան թրքա­կան ութ սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րու բնա­կիչ­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար՝ քի­միա­կան, կեն­սա­բա­նա­կան ու ճա­ռա­գայ­թու­մի վտան­գէն: Վար­ժանք­նե­րու նա­խա­գի­ծին հա­մա­ձայն, «­Մե­ծա­մօր»ի ա­թո­մա­կա­յա­նին մէջ ա­ղէտ մը կը պա­տա­հի ու յե­տոյ Ա­լի­ճան եւ Իգ­տիր շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը կը տար­հա­նո­ւին դէ­պի ճամ­բար­ներ, ո­րոնք տե­ղա­կա­յո­ւած են կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ղէտ­նե­րու ու ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու վար­չու­թեան տա­րած­քին մէջ: ­Տար­հա­նու­մի մէջ ներգ­րա­ւո­ւած են շտա­պօգ­նու­թեան անձ­նա­կազ­մեր, բժշկա­կան փրկա­րար թիմ մը եւ ոս­տի­կան զօ­րաց ստո­րա­բա­ժա­նում­ներ: ­Թեր­թը կ­՚ա­ւելց­նէ, թէ ­Թուր­քիա ու Ատր­պէյ­ճան մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ պար­բե­րա­բար կը յայ­տա­րա­րեն, որ ­Հա­յաս­տա­նի ա­թո­մա­կա­յա­նը վտան­գա­ւոր է ու կը պա­հան­ջեն փա­կել զայն: ­Սա­կայն մաս­նա­գէտ­ներ (այդ կար­գին՝ նաեւ օ­տա­րերկ­րա­ցի մաս­նա­գէտ­ներ) միա­ձայ­նու­թեամբ կը պնդեն, որ «­Մե­ծա­մօր»ի ա­թո­մա­կա­յա­նը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ անվ­տան­գու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից չա­փա­նիշ­նե­րուն: ­Բա­ցի ատ­կէ, 2016ին ­Ռու­սաս­տա­նի օգ­նու­թեամբ աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան ա­թո­մա­կա­յա­նը 10 տա­րի եւս բաց պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+