Փայլան Անգարայէն Յստակացում Կը Պահանջէ Պատրիարքական Ընտրութեան Միջամտութեան Վերաբերեալ - Հայերէն
30 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

02 Temmuz 2019  

Փայլան Անգարայէն Յստակացում Կը Պահանջէ Պատրիարքական Ընտրութեան Միջամտութեան Վերաբերեալ -

Փայլան Անգարայէն Յստակացում Կը Պահանջէ Պատրիարքական Ընտրութեան Միջամտութեան Վերաբերեալ Փայլան Անգարայէն Յստակացում Կը Պահանջէ Պատրիարքական Ընտրութեան Միջամտութեան Վերաբերեալ

Տիգրանակերտի երեսփոխան Կարօ Փայլանի գրասենեակէն հրապարակուած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Թուրքիոյ հայոց Մեսրոպ Բ. պատրիարքի վախճանումով սկսած պատրիարքական ընտրութեան հոլովոյթը պիտի վարէ պատրիարքական տեղապահը, որուն ընտրութիւնը նախատեսուած էր 27 յունիսին: Սակայն ներքին գործոց նախարարութիւնը` Պոլսոյ կուսակալութեան միջոցով, 26 յունիսին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան յղած գրութեամբ, առանց որեւէ պատճառաբանութիւն նշելու, յայտնած է, թէ տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է յետաձգուի 4 Յուլիսին:

Այս նիւթին շուրջ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտի երեսփոխան Կարօ Փայլան հետեւեալ գրաւոր հարցումները ուղղեց ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին.

– Ի՞նչ է ձեր միջամտութեան պատճառաբանութիւնը` Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան կողմէ ճշդուած պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան թուականին:

– Ինչպէ՞ս պիտի յիշուի, 16 փետրուար 2017-ին տեղի ունեցած պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը, զոր Պոլսոյ կուսակալութիւնը ջնջած էր, երբ դեռ ժողովականները չէին արձակուած տակաւին: Նախարարութիւնդ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ իրաւական հիմքով կը միջամտէ հոգեւոր հաստատութիւն մը հանդիսացող Հայոց պատրիարքութեան ներքին գործերուն:

– Սահմանադրական ատեանը 23 մայիսին վճռած էր, թէ պատրիարքական ընտրութեան երկար տարիներէ ի վեր խոչընդոտուիլը կը հանդիսանայ «կրօնական ազատութեան ոտնահարում»: Սահմանադրական ատեանի որոշման վաղորդայնին կատարուած այս միջամտութիւնը միթէ յիշեալ ոտնահարումին շարունակութիւնը չէ՞:

– Նախարարութիւնդ` Հայոց պատրիարքութեան եւ պատրիարքական ընտրութեան իրաւական հիմքը հանդիսացող 1863-ի Ազգային Սահմանադրութեան ո՞ր յօդուածներուն յենելով է, որ կը միջամտէ պատրիարքական ընտրութեան»:

Միւս կողմէ, տեղապահի պաշտօնին թեկնածուներէն եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան 27 յունիսին, նամակով մը ցաւ յայտնեց, որ նախարարութիւնը չէ բացայայտած իր միջամտութեան պատճառը եւ թէ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան զինք տեղեակ չէ պահած այս կարեւոր նամակը ստանալուն մասին: Նամակը «եկեղեցական աւանդութիւններու գծով գայթակղութիւն մը» որակելով` ան նշեց. «Ես ալ, ինչպէս բոլորը, ընկերային ցանցերու վրայ բարձրացած բողոքներէն ետք է, որ տեղեկացայ նամակին մասին»:

Մաշալեան կ՛աւելցնէ, թէ «Արամ սրբազանը անգամ մը եւս չարաշահեց իր պաշտօնը», որովհետեւ, ան առանց Կրօնական ժողովին հաւանութեան տեղապահի ընտրութեան մասին նամակ մը յղած է պետական մարմիններուն` անոնց հետ բոլոր թղթակցութիւնները պատրիարքարանին անունով եւ երկու ստորագրութեամբ ուղարկելու կանոնը խախտելով:

Մաշալեան կը գրէ, թէ թէեւ նամակը ուղարկուած է պատրիարքի փոխանորդին կողմէ, բայց եկած պատասխանը ուղարկուած է «Պատրիարքարան»-ին:

«Այս շրջանին, երբ կը ջանանք պատրիարքական ընտրութիւնը կազմակերպել` նկատի ունենալով պետութեան զգայնութիւնները, հոգեւորականի մը շարունակական յանդուգն շարժումները եւ խախտումները կը ստիպեն, որ պատկան մարմինները իրենց գերակայութիւնը յիշեցնելու խորհրդանշական քայլեր առնեն», յայտնեց Մաշալեան` յետաձգումի քայլը կապելով Աթէշեանի «գաղտնի» նամակին:

«Տեղապահի ընտրութեան հարցով Արամ սրբազանին քմահաճ ու անպատասխանատու քայլերը կրնան անգամ մը եւս մղձաւանջի վերածել ընտրութեան հոլովոյթը եւ այդ ընտրութեան համար հաւաքուելիք հոգեւորականներու ուսերուն վրայ կը բեռցուի պատմական պատասխանատուութիւն մը: Տասը տարի սպասելէ ետք, շաբաթ մը եւս սպասելը բան մը չի փոխեր: Կը բաւէ, որ դասեր քաղենք, համբերութեամբ ու ողջախոհութեամբ շարունակենք մեր ճամբան», կ՛եզրակացնէ Մաշալեան:

«Ներկայ անախորժ իրավիճակի պատասխանատուն Սահակ եպս. Մաշալեանն է, որ կը ջանայ արուեստական օրակարգ ստեղծել եւ Կրօնական ժողովի նիստերուն ընթացքին միշտ կը վազէ միջամտութիւններու ետեւէն: Ան յետաձգման ստեղծած մթնոլորտին մէջ կը ջանայ զիս արատաւորել եւ սեւ քարոզչութիւն իրականացնել իմ անձիս դէմ: Ատիկա ցոյց կու տայ իր զիջողութեան սահմանը», իր կարգին յայտնեց Աթէշեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+