Եւրոպան ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ Թուրքիոյ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

02 Temmuz 2019  

Եւրոպան ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ Թուրքիոյ -

Եւրոպան ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ Թուրքիոյ Եւրոպան ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ Թուրքիոյ

Եւրոպան ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ Թուրքիոյ - Ինչ թաքնուած է «թիրախաւորուած քայլերուն» մէջ։ Առաջին հաւանական թիրախ՝ Turkish Petroleum

0Ռուսաստանի դէմ արդէն ի գործ դրուուած պատժամիջոցներու «զինանոց»ը պիտի օգտագործէ Եւրոպական Միութիւնը, կանխելու համար Կիպրոսի ծովային շրջանին մէջ ընթացող Թուրքիոյ ապօրինի հորատման աշխատանքները։

«Թիրախաւորուուած քայլերուն» մէջ առաջարկուուող միջոցառումները պիտի ներկայացուուին Եւրոպական Միութեան յաջորդ գագաթնաժողովին, որ Յուլիսի մէջ պիտի կայանայ, եւ ամենայն հաւանակութեամբ պիտի կեդրոնանան թրքական պետական սեփականութեան «Թըրքիշ Փեթրոլէում» հսկայ ընկերութեան դէմ, որու պատկանելիութեան տակ կը գտնուին ապօրինի հորատման «Ֆաթիհ» նաւը եւ երէկ արդէն Կիպրոսի հիւսիսի ծովային շրջան ղրկուուած՝ «Եաւուզ» նաւը։

Ըստ յունական մամուլի հրապարակումներուն, թրքական անօրինական հետազօտութիւններուն գծով յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան նպատակային միջոցառումներու շարքը, որ կրնայ որդեգրուիլ Թուրքիոյ պետական պաշտօնատարներու դէմ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան ընկերութիւններու դէմ, որոնք կը համագործակցին Թուրքիոյ հետ, ածխաջրածնային հետազօտութեանց գործընթացին մէջ։

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները, անցեալ շաբաթ Պրիւքսելի մէջ կայացած իրենց ժողովի աւարտին, հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էին, ուր կը վերահաստատէին Թուրքիոյ կատարած «պեղման ապօրինի աշխատանքներուն» գծով իրենց դատապարտումը, ինչպէս նաեւ ցաւ կը յայտնէին, որ Թուրքիան «չընդառաջեց Եւրոպական Միութեան` այդպիսի աշխատանքները դադրեցնելու իրերայաջորդ կոչերուն»:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+