Թուրքիոյ Նախագահը Ճափոնի Մէջ Բացած է Արա Կիւլերի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը -
Թուրքիոյ Նախագահը Ճափոնի Մէջ Բացած է Արա Կիւլերի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը
Աշխարհ, ՍփիւռքԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Յունիս 30-ին, Ճափոնի Գիոտօ քաղաքին մէջ բացած է պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի (Տէրտէրեան) լուսանկարներու ցուցահանդէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Takvim.org-ը։
Նախագահի աշխատակազմը՝ համագործակցելով Արա Կիւլեր թանգարանի, արխիւի եւ ուսումնասիրութեան կեդրոնին հետ՝ կազմակերպած է հայ լուսանկարիչին ցուցահանդէսը, որ արդէն ներկայացուած էր Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ։
Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող Մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովի օրերուն՝ Արա Կիւլերի լուսանկարներուն ցուցահանդէսը Գիոտօ քաղաքին մէջ գտնուող 800-ամեայ պատմական Դոֆուգու-ճի տաճարին մէջ պիտի գործէ Յունիս 30-Յուլիս 10, իսկ Գիոտոյի ժամանակակից ազգային արուեստի թանգարանին մէջ` մինչեւ Յուլիսի վերջ։
Էրտողանը յիշեցուցած է, թէ Արա Կիւլերը, որ յայտնի է «Լէյգայի վարպետ» (“Master Of Leica”) անունով եւ կը համարուի աշխարհի 7 ամենալաւ լուսանկարիչներէն մէկը, մահացած է 2018 Հոկտեմբեր 17-ին:
«Ինծի համար պատիւ է` անձամբ բանալու Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որ վերջին տարիներուն մեր երկրի ամենայաջողակ արուեստագէտներէն է: 90 տարուան կեանքին ընթացքին Արա Կիւլերի նկարած լուսանկարները դարձած են Թուրքիոյ, մասնաւորապէս Պոլսոյ տեսողական յիշողութիւնը»,- ըսած է Էրտողանը:
Թուրքիոյ նախագահը յիշեցուցած է Արա Կիւլերի այն խօսքերը, որ ինք զինք բնութագրած է իբրեւ «լուսանկարիչ-լրագրող, որ պատմութիւնը կը գրէ լուսանկարչական մեքենայով» եւ աւելցուցած, որ Կիւլերը մինչեւ վերջին շունչը իրենց համար եւ ողջ մարդկութեան համար ձեռքը չէ հանած լուսանկարչական մեքենայի կոճակէն:
«Արա Կիւլերի կէսդարեայ մասնագիտական կեանքին ընթացքին առնուած լուսանկարները այսօր աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող թանգարաններու, հաւաքածուներու, ալպոմներու, ցուցահանդէսներու մէջ կը զբաղցնեն իրենց տեղը»,- ըսած է ան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com