Վարդանանցը անշուշտ Աւարայրով չէ աւարտած: Պատմութեան շարունակականութիւնը եւ երկու պետութիւններու անմի - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

01 Mart 2019  

Վարդանանցը անշուշտ Աւարայրով չէ աւարտած: Պատմութեան շարունակականութիւնը եւ երկու պետութիւններու անմի -

Վարդանանցը անշուշտ Աւարայրով չէ աւարտած: Պատմութեան շարունակականութիւնը եւ երկու պետութիւններու անմի Վարդանանցը անշուշտ Աւարայրով չէ աւարտած: Պատմութեան շարունակականութիւնը եւ երկու պետութիւններու անմիջական դրացնութիւնը յետցնցումային փուլեր ունեցած են:

Վարդանանց պատերազմի խորհուրդները ընկալելու վերլուծականները դասական առումով կը կեդրոնանան հաւատքի կառչածութեան եւ ընդհանրապէս խնդիրի բարոյական ծալքերուն վրայ: Քաղաքական առումով` ինքնուրոյնութիւնն ու համեմատական գերիշխանութիւնը պահպանելու: Աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն` օրուան պայմաններու նկատառումով ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը փրկելու կամ պարսկական համահարթեցումը կասեցնելու փաստերուն վրայ:

Քաղաքական վերլուծաբանութեան այժմէական փորձը հաւանաբար աւելորդ չնկատէ Պարսկաստան-Հայաստան դարաւոր յարաբերութիւններու, այսօրուան բառամթերքով` Թեհրան-Երեւան կապերու ռազմավարական նշանակութեան մասին անդրադարձ կատարելը:

Վարդանանցը անշուշտ Աւարայրով չէ աւարտած: Պատմութեան շարունակականութիւնը եւ երկու պետութիւններու անմիջական դրացնութիւնը յետցնցումային փուլեր ունեցած են: Վարդանանց ռազմաքաղաքական մեծագոյն դասը քաղած են վահանեան շարժումի ղեկավարները` փոխելով կռուելաձեւի օրէնքները: Ձեւափոխուած պատերազմին զուգահեռ լիարժէք աշխատած է դիւանագիտութիւնը, որ Տիզպոնի մէջ ձախողութեան մատնուած էր:

Վահանեան շարժումին կողմէ մղուած ներքաշող- սողացող պատերազմը իր լրումին հասած է Նուարսակի դաշնագիրին սկզբունքները նախապատրաստող հայկական դիւանագիտութեամբ, որ յամենայն դէպս գիտակցած է համեմատական գերիշխանութեան` այդ օրերու լայն լիազօրութիւններով ինքնավարութեան դրոյթի պահպանման համար բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ տարածաշրջանի գերտէրութեան հետ:

Տարածաշրջանի գլխաւոր խաղացող Թեհրանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան յարաբերութիւններ կը կիրարկէ Երեւանը: Այս անգամ Յազկերտի լեզուն կը գործածուի նոյնինքն Իրանի դէմ, յատկապէս Ուաշինկթընի կողմէ պատժամիջոցային քաղաքականութեան իրականացումով: Եւ եթէ կիսաշրջափակուած Երեւանին համար Իրանը կարեւոր ելք է, ապա պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանի համար Հայաստանը կարեւոր տնտեսական պատուհան է:

Խօսքը ո՛չ միայն երկարաժամկէտ առումով հորիզոնին վրայ ուրուագծուող Մետաքսի ճամբուն վերագործարկման հաւանականութեան մասին է, ուր թէ՛ Թեհրանը եւ թէ՛ Երեւանը կարեւոր աշխարհագրական դիրքեր ունին: Հայկական պատուհանը Իրանը կրնայ դիտել Պարսից ու Կասպից ծովերը ցամաքով կապող կամուրջը եւ այդ կամուրջի իր կողմէ օգտագործման խիստ կենսունակութիւնը: Հայկական պատուհանէն Թեհրանի վարիչներուն համար տեսանելի կը դառնան Իրանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք գործարկելի երկաթուղին ու անոր ճամբով Թեհրանէն Չինաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ ապրանքաշրջանառութեան հաւանական ծաւալները:

Այժմ Թեհրան գործուղուող պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչները Տիզպոն հրաւիրուելու պայմաններով չէ, որ կ՛այցելեն: Հիմա արդէն սեղանի վրայ է Թեհրան-ԵՏՄ ազատ առեւտուրի պայմանագիրի նախագիծը, որ խիստ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուող Իրանին համար: Իսկ դէպի ԵՏՄ առաջին կանգառը Երեւանն է: Ապամեկուսացման համար անշրջանցելի միջավայրը:

Աւարայրը ռազմաքաղաքական դաս է ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ պարսկական կողմին համար: Եթէ այդ մէկը անմիջականօրէն յանգած է Նուարսակի երկկողմ պայմանագիրին, ապա երկարած է դարերու վրայ հասնելու համար այսօրուան ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցող գործընկերութեան` արցախեան հակամարտութեան գործընթացին Թեհրանի որդեգրած հաւասարակշիռ դիրքերէն մինչեւ առեւտրական բնոյթի տարբեր համաձայնագիրներ եւ միջպետական յարաբերութիւններու բազմաոլորտ պայմանաւորուածութիւններ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+