Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Խորհրդակցական Մարմնի Ժողովի Ընթացքին Տեղեկութիւններ Տուաւ Անգարայի Վերջ - Gündem
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Gündem :

22 Şubat 2019  

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Խորհրդակցական Մարմնի Ժողովի Ընթացքին Տեղեկութիւններ Տուաւ Անգարայի Վերջ -

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Խորհրդակցական Մարմնի Ժողովի Ընթացքին Տեղեկութիւններ Տուաւ Անգարայի Վերջ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Խորհրդակցական Մարմնի Ժողովի Ընթացքին Տեղեկութիւններ Տուաւ Անգարայի Վերջին Հանդիպման Շուրջ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Սա Խորհրդակցական մարմնի 2019 թուականի առաջին նիստն էր։ Բացման աղօթքէն վերջ նորին սրբազնութիւնը ողջունեց ժողովականները, որոնց բացատրութիւններ տուաւ Անգարայի մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ տեղի ունեցած հանդիպման առընչութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ ինք, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Ընդհանուր փոխանորդը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նախաձեռնութեամբ առնուած ժամադրութիւն մըն էր այս մէկը եւ այս պատճառով այդ ժամադրութիւնը տրուած էր արտաքին գործոց նախարարին կողմէ։ Իր խօսքով՝ հանդիպումը անցաւ դրական մթնոլորտի մը մէջ, պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ խնդիրը շօշափուեցաւ բոլորի դրական ու պատրաստական վերաբերմունքով։ Նախարար Չավուշօղլու նշած է, որ պետութիւնը դէմ չէ պատրիարքական ընտրութեան կատարուելուն եւ համապատասխան թոյլտուութիւնը պիտի տրուի, երբ կարգ մը խնդիրներու յաղթահարումէն վերջ պայմանները ամբողջութեամբ գոյանան։
Մայրաքաղաքի այս հանդիպման առընթեր, Խորհրդակցական մարմինը ներկայ տարեմուտի ժողովին ունկնդրեց Պատրիարքարանի Գաղթականաց յանձնախումբի եւ Երիտասարդաց յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Այս երկու յանձնախումբերուն կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւնները ուշադրութեամբ ունկնդրուեցան ժողովականներուն կողմէ։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիահայերու եւ իրաքահայերու պարագային տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ 2015 թուականէն ի վեր Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած այս յանձնախումբը կը տանի բազմակողմանի աշխատանք՝ սուրիահայ եւ իրաքահայ գաղթականաց հրատապ խնդիրներու լուծման եւ անհրաժեշտ մարդկային կարիքներու դիմագրաւման առաջադրութեամբ։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան ընդգծեց այս հարցին վերաբերեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ստանձնուած անփոխարինելի դերակատարութիւնը։ Տէր հօր կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւնները կու գային ապացուցանել, որ մեր համայնքը պիտի շարունակէ տակաւին միջոց մը այս ծանր պատասխանատուութիւնը ստանձնել։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի կողմէ ներկայացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ կատարուեցան կարծիքի փոխանակումներ, որոնց ծիրին մէջ արտայայտուեցաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, որ արդէն Խորհրդակցական մարմնի կազմին մէջ է։

Գաղթականաց յանձնախումբէն վերջ օրակարգի վրայ եկաւ Երիտասարդաց յանձնախումբի ծաւալած գործունէութեան ընթացքը։ Յանձնախումբի պատասխանատու Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, ատենապետ Արի Չոլաք եւ անդամներէն Սէրլի Նշանեան ու Սարօ Պենկլեան տեղեկութիւններ տուին ցարդ արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ ապագայի համար նախատեսուած նախաձեռնութիւններուն շուրջ։ Խորհրդակցական մարմնի անդամները գնահատանքով արտայայտուեցան Երիտասարդաց յանձնախումբի տարած աշխատանքին շուրջ։

Ժողովի եզրափակիչ փուլին կարճ խորհրդակցութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ մօտալուտ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն շուրջ։ Ժողովականները խորհուրդ տուին, որպէսզի մեր համայնքի անդամները անպայման կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները, մասնակցին քուէարկութեան եւ ըստ իրենց աշխարհահայեացքին՝ նախընտրութիւն մը ընելու ժամանակ անպայման հաշուի առնեն նաեւ համայնքային շահերը, որովհետեւ մեր հաստատութիւնները վաղուց անմիջական շփման մէջ են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+