Չաւուշօղլու Հայ Եկեղեցականներուն Խորհուրդ Կու Տայ Համբերել -
Չաւուշօղլու Հայ Եկեղեցականներուն Խորհուրդ Կու Տայ Համբերել
Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Շահէ Անանեան 4 փետրուարին Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:
Հանդիպումին մասնակցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը: Պատրիարքարանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած է անկեղծ խօսակցութիւն, որուն ընթացքին Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը հետաքրքրուած է պատրիարքի ընտրութեան հարցով եւ կը հետեւի զարգացումներուն:
Ան նաեւ ըսած է, թէ լուծումի հասնելու համար պէտք է համբերատար ըլլալ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com