Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան -
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 4 Փետրուար2019, Երկուշաբթի այցելեց Մայրաքաղաք՝ Անգարա Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կ'ընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր ԱթոռՍ. Էջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն ժամը՝ 11.00-ին ընդունուեցաւ ԹուրքիոյԱրտաքին Գործոց Նախարար Մէվլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։
Սոյն այցելութեան Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։
Շուրջ մէկ ժամուան մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեծայարգ Նախարարը յայտնեց, թէ Պետութիւնը տեղեակ էՊատրիարքական ընտրութեան անցուդարձերուն եւ կը հետեւի զարգացումներուն։ Համբերութիւնպահանջեց, որպէսզի բարւոք լուծում գոյանայ։
Պատուիրակութիւնը յետ միջօրէին վերադարձաւ Ստանպուլ։
Bu haber turkiyeermenileripatrikligi.org kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi.org) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi.org). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com