Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա.ի այցելութիւնը՝ Ս. Ղազար Հայոց Կղզիին - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

19 Kasım 2018  

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա.ի այցելութիւնը՝ Ս. Ղազար Հայոց Կղզիին -

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա.ի այցելութիւնը՝ Ս. Ղազար Հայոց Կղզիին Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա.ի այցելութիւնը՝ Ս. Ղազար Հայոց Կղզիին

Ընդառաջելով Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ՝ Լեւոն Արք. Զէքիեանի հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը Հինգշաբթի 15 Նոյեմբեր 2018ին այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանք՝ Ս. Ղազար կղզիԿոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա. այս օրերուն պաշտօնական այց կը կատարէ Յոյներու Մետրապոլիտի աթոռանիստ քաղաքը վենետիկ, Իտալիոյ եւ Մալթայի Յոյն Մետրապոլիտ՝ Կեննատիոսի անուանակոչութեան տօնին առիթով։

Ընդառաջելով Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ՝ Լեւոն Արք. Զէքիեանի հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը Հինգշաբթի 15 Նոյեմբեր 2018ին այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանք՝ Ս. Ղազար կղզի։ Մայրավանքի զանգերու ղօղանջով, վանաբնակ հայրերու եւ դպրաց դասի «Այսօր Աստուածութիւնն» եւ «Հրաշափառ» շարականներով շքախումբը, քաղաքի իշխանութիւնները եւ հրաւիրեալ ազգայիններ թափորով ուղղուեցան եկեղեցի։ Յոյն հոգեւորականները «Ֆոս Իլարիոն» (Լոյս զուարթ) շարականը կատարեցին, իսկ հայերէն հնչեց Կոմիտասի Սուրբ Սուրբը։ Աւարտին Նորին Սրբութիւն Բարթողիմէոս Պատրիարքը իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն եւ բոլորը բարձրացան Մխիթար Աբբահօր ձեռակերտ գրադարանը։

Քահանայապետական Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ ողջոյնի յունարէն հակիրճ բանաձեւէ մը ետք, իտալերէն լեզուով բարեգալուստ մաղթեց Նորին Սրբութիւն Բարթողիմէոս Ա.-ին, շեշտելով որ Տիեզերական Պատրիարքի մը անդրանիկ այցելութիւնն է Ս. Ղազար։ Համառօտ պատմական ակնարկով մը ան ներկայացուց սերտ կապերը Յոյն եւ Հայ ժողովուրդներու, Հայրապետներու, եւ իշխանաւորներու միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայերու հայեացքը դէպի Բիւզանդիոն որպէս Մշակոյթի եւ վաճառականութեան կեդրոն։

Եզրափակելով՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրելով Տիրամօր բարեխօսութեան եւ պաշտպանութեան յանձնեց Նորին Սրբութեան անձը եւ իրեն յանձնուած հօտն ու համայն մարդկութիւնը։

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, յիշեց սէրն ու յարգանքը Յոյն եւ Հայ
եկեղեցիներու միջեւ եւ շեշտեց որ ներկայ աշխարհիս կրօնական ծայրայեղութեան աճման երեւոյթին դիմաց, անհրաժեշտ է որ համայն քրիստոնեայ ընտանիքը միաձայն ըլլայ, Աստուծոյ խօսքի աւետարանման առաքելութեան մէջ։

Ան Ս. Ղազարը նկատեց Հայ Մշակոյթի եւ Արժէքներու պահպանման ամենակարեւոր կեդրոնը Արեւմուտքի մէջ , ինչպէս նաեւ հոգեկանութեան, աղօթքի եւ խաղաղութեան ովասիս։

Տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, հուսկ Նորին Սրբութիւնը ոսկեմատեանին մէջ դրոշմեց իր տպաւորութիւնները ի յիշատակ եկող սերունդներուն։
Գասբար Եդեսացի Համոյթը ղեկավարութեամբ Ճիւսթին Ռափաչոլիի կատարեց Կոմիտասէն երկու ժողովրդական երգ։
Որմէ յետոյ, Պատրիարքը իր շքախումբով այցելեց Մայրավանքիս մատենադարանը, թանգարանն ու ձեռագրատունը։
Այցելութիւնը եզրափակուեցաւ եղբայրական սեղանով։


Հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+