Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Լեւոն Արք. Զէքիեան -
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Լեւոն Արք. Զէքիեան
25 սեպտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայր Լեւոն արք. Զէքիեանը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան, միջեկեղեցական գործակցութեան, հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին առնչուած նիւթեր ու ծրագիրներ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անցեալէն ժառանգուած գործակցութիւնը աւելի շեշտելու ու ծաւալելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Մխիթարեան միաբանութեան առաքելութիւնը վերակազմակերպելու աշխատանքներուն, որոնց լծուած է գերապայծառը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com