​Աւստրիոյ Վարչապետը Թուրքիայէն Բացատրութիւն Պահանջած Է Աւստրիացի Լրագրողի Ձերբակալութեան Գծով - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

14 Eylül 2018  

​Աւստրիոյ Վարչապետը Թուրքիայէն Բացատրութիւն Պահանջած Է Աւստրիացի Լրագրողի Ձերբակալութեան Գծով -

​Աւստրիոյ Վարչապետը Թուրքիայէն Բացատրութիւն Պահանջած Է Աւստրիացի Լրագրողի Ձերբակալութեան Գծով ​Աւստրիոյ Վարչապետը Թուրքիայէն Բացատրութիւն Պահանջած Է Աւստրիացի Լրագրողի Ձերբակալութեան Գծով

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիայէն` աւստրիացի լրագրող Մաքս Ցիրնկասթի ձերբակալութեան գծով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը:

Քուրց պահանջած է հիմնաւոր պատճառներ ներկայացնել ու բացատրել, թէ ի՛նչ հիմամբ լրագրողին տունը խուզարկուած է` առանց զգուշացման, եւ ինչո՞ւ Ցիրնկասթ կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ:

Աւստրիոյ վարչապետը նաեւ կոչ ուղղած է` անյապաղ ազատ արձակելու իր երկրի քաղաքացին:

Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է աւստրիացի լրագրող Մաքս Ցիրնկասթը: Ան ձերբակալուած է Անգարայի մէջ իր վարձած բնակարանին մէջ` անսպասելիօրէն կատարուած խուզարկութենէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:

Լրագրողը ուսում ստացած է Վիեննայի եւ Անգարայի մէջ, կ՛աշխատի Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ հրատարակուող «Ռի:վոլթ» ամսագիրին եւ Միացեալ Նահանգներէն ղեկավարուող «Ժաքոպին» կայքին մէջ: Ան նաեւ աշխատած է Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր եւ քրտամէտ շարք մը լրատուամիջոցներու համար:

Աւստրիոյ կառավարութեան բանբեր Փիթըր Լաունսքի Թիֆերթալ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է ազատ արձակելու աւստրիացի լրագրողը` պահանջելով բացատրութիւն տալ իրականացուած գործողութիւններուն համար:

Ան նաեւ նշած է, որ լրագրողին այժմ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Անգարայի մէջ Աւստրիոյ դեսպանատան միջոցով:

Իր յօդուածագիրի ձերբակալման հարցով հրապարակում կատարած է նաեւ «Ռի:վոլթ» ամսագիրը` Ցիրնկասթը կոչելով ազատութեան ու ժողովրդավարութեան համար պայքարող ձախակողմեան գործիչ եւ գրող:

Նշենք, որ աւստրիացի լրագրողը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարութեան մակարդակը քննադատող յօդուածներ գրած է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+