​Ակնարկ. Պերլին – Պրիւքսելի Ինքնուրոյն Քայլերը` Հարաւային Կովկասի Մէջ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

27 Ağustos 2018  

​Ակնարկ. Պերլին – Պրիւքսելի Ինքնուրոյն Քայլերը` Հարաւային Կովկասի Մէջ -

​Ակնարկ. Պերլին – Պրիւքսելի Ինքնուրոյն Քայլերը` Հարաւային Կովկասի Մէջ ​Ակնարկ. Պերլին – Պրիւքսելի Ինքնուրոյն Քայլերը` Հարաւային Կովկասի Մէջ

Գերմանիոյ վարչապետի այցելութիւնը Հարաւային Կովկաս կ՛արժէ դիտարկել տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ընդհանուր եղելոյթներու շրջագիծին մէջ:

Կարեւոր հանգամանքը այս պարագային այն է, որ Գերմանիոյ վարչապետը Եւրոպական Միութեան իրողական ղեկավարն է եւ Հարաւային Կովկասի մէջ իր առած քայլերը ունին համաեւրոպական տարողութիւն:

Ուաշինկթըն-Մոսկուա պարանաձգային մրցակցութիւնը վաղուց թափանցած էր տարածաշրջան: Յարաբերութիւններու ելեւէջներու առընթեր կայուն կ՛ընթանային մրցակցային կամ ազդեցութեան գօտի պահպանել-նուաճելու գործողութիւնները: Այժմ այդ պարանաձգութեան խաղի ընթացքին յաւելեալ ուժ ապահովելու փոխկիրարկման պահուն է, որ Եւրոպայի ղեկավարը կը ժամանէ Թիֆլիս-Երեւան-Պաքու:

Ժամանման վայրերու յաջորդականութիւնը ունի քաղաքական օրինաչափութիւն: Յայտնաբար յաջորդականութիւնը ճշդուած է Եւրոպական Միութիւն-տուեալ երկիր համարկման կարգավիճակային յարաբերութիւնները նկատի ունենալով: Այսպէս. Թիֆլիս – Պրիւքսել կնքուած է խոր եւ համապարփակ քաղաքական տնտեսական բաղադրիչներ ներառող համագործակցութեան համաձայնագիր, Պրիւքսել – Երեւան կնքուած է յատուկ ձեւաչափի հիման վրայ տնտեսական նուազ բաղադրիչով համագործակցութեան ընդլայնուած եւ համապարփակ համաձայնագիր, մինչ Պաքուի ուղղութեամբ Պրիւքսելը յայտարարած է, որ բանակցութիւնները աւարտած են, սակայն որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած: Պրիւքսելը ո՛չ միայն չէ ստորագրած, այլեւ Եւրոպական խորհրդարանը պայմաններ յառաջ քշած է` քննադատելով եւրոպական արժէքներուն հակադրուող Պաքուի կիրարկած յատկապէս ներքին քաղաքականութիւնը:

Տարածաշրջանին մէջ Ուաշինկթըն-Մոսկուա մրցակցութեան մէջ ինքնուրոյն դեր վերցնելու միտուած Պերլինի եւ այս պարագային նաեւ Պրիւքսելի քայլերու շարժառիթները կը լուսաւորեն այն, որ Մերքելը Թիֆլիսի մէջ ըսած է, թէ Գերմանիան չի կրնար «ոչ» ըսել Ռուսիոյ` կազի եւ նաւթի մատակարարման հարցին մէջ:

Ան խօսած է Ազրպէյճանէն կազ գնելու կարելիութեան մասին` նշելով, որ ատիկա, ի հարկէ, հաւանական է, սակայն այդ երկրէն կազի գնումը աւելի սուղ կ՛արժէ Գերմանիոյ: Ըստ Մերքելի, ռուսական կազը ամենամատչելին է:

Այստեղ պարզօրէն կ՛ըսուի, թէ Գերմանիան չ՛ընդառաջեր Ուաշինկթընի պահանջին` ռուսական տնտեսութիւնը պոյքոթելու առումով կամ չի միանար Մոսկուայի դէմ Ուաշինկթընի յայտարարած տնտեսական պատերազմին:

Բայց, միաժամանակ հակառակ անոր որ Թիֆլիսի մէջ Մերքելը չէր օգտագործեր «Ռուսիոյ կողմէ գրաւուած տարածքներ» եզրաբանութիւնը, ինչ որ ակնկալութիւնն էր Վրաստանի պետութեան, այնուամենայնիւ, կը յայտարարէր, որ 10 տարի առաջ ինք վճռականօրէն պահանջած էր դուրս բերել ռուսական զօրքը եւ տասը տարի անց կրկին կ՛աջակցի Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան:

Չմիանալով Ռուսիոյ դէմ Ուաշինկթընի յայտարարած տնտեսական պոյքոթին` Եւրոպայի ղեկավարը կը պահանջէ ռուսական զօրքերու դուրս բերուիլը Վրաստանէն:

Կը թուի, որ այս պահանջը գէթ այս պահու դրութեամբ յայտարարողական բնոյթ ունի. տասը տարի առաջ հնչած միեւնոյն պահանջը կը կրկնուի: Մինչդեռ ռուսական կազը տասը տարիէ ի վեր կը շարունակէ հոսիլ դէպի Եւրոպա. եւ գէթ Թիֆլիսի մէջ կատարուած յայտարարութեան հիման վրայ` պիտի շարունակէ հոսիլ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+