​Նորայր Տատուրեան Արժանացած Է Հայաստանի Կառավարութեան Երկու Մրցանակներու - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

25 Temmuz 2018  

​Նորայր Տատուրեան Արժանացած Է Հայաստանի Կառավարութեան Երկու Մրցանակներու -

​Նորայր Տատուրեան Արժանացած Է Հայաստանի Կառավարութեան Երկու Մրցանակներու ​Նորայր Տատուրեան Արժանացած Է Հայաստանի Կառավարութեան Երկու Մրցանակներու

ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի հայերէնի դասատու Նորայր Տատուրեան մրցանակներու արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան երկու նախարարութիւններէ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Արդարեւ, սփիւռքի նախարարութիւնը Տատուրեանին շնորհած է իր «Պատուոյ մրցանակ»-ը, հայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասաւանդման մէջ անոր աւանդին համար։

Նաեւ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութիւններու նախարարութիւնը Տատուրեանին շնորհած է «Երախտագիտութեան վկայագիր», Համահայկական երիտասարդական արուեստի մրցանք-փառատօնին ընթացքին իր աշակերտներուն ապահոված տպաւորիչ արդիւնքներուն համար։ 2014-էն ի վեր, Տատուրեան կը քաջալերէ իր աշակերտները, որ մասնակցին Երեւանի մէջ կայացող սոյն մրցանքին։

Նորայր Տատուրեան ծնած է Պոլիս եւ շրջանաւարտ է տեղւոյն Մխիթարեան երկրորդական վարժարանէն. ան պսակաւոր արուեստից վկայական ունի իմաստասիրութեան ճիւղին մէջ։ Հեղինակն է «Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը» յօդուածաշարին, որ 2012-էն ի վեր լոյս կը տեսնէ «Ակօս» շաբաթաթերթին, ինչպէս նաեւ «Ասպարէզ» օրաթերթի Շաբաթ օրուան թիւերուն մէջ։ Ներկայիս, ան կ՛աշխատի հայերէն 20 բանաստեղծութիւններու յունարէն թարգմանութեանց վրայ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+