Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան -
Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան
12 յուլիսին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլի Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքին մէջ կազմակերպուած` Համաշխարհային Ա. պատերազմին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան` հետեւեալ ձեւակերպումով. «Համաշխարհային այդ տագնապը կարելի դարձուց այն բաները, որոնք մինչեւ այսօր մեզ սարսափով կը պատէ` զանգուածային կոտորածներ, որոնց զոհ գնաց հայ բնակչութիւնը. անիկա հասաւ այն աստիճանի, որ նոր, մինչեւ այդ որեւէ բառարանի մէջ գոյութիւն չունեցող բառ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւն յառաջացուց` «ցեղասպանութիւն», որ այսօր, դժբախտաբար, ներկայ բառապաշարին մաս կը կազմէ»:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, 13 յուլիսին, Իտալիոյ հեղինակաւոր «Մեսաճերօ» թերթը հետեւեալ խորագիրով անդրադարձած է լուրին. «Կարտինալ Փարոլի կը կշտամբէ ժխտողները. 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է»: Լուրին մէջ կը նշուի. «Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 103 տարի ետք յամառօրէն կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը, Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլի, առանց երկբայելու, կը դատապարտէ այդ օրերու օսմանեան կառավարութիւնը, հայ փոքրամասնութիւնը բնաջնջելու ծրագիրին համար»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com