Պոլսոյ Մէջ Գտնուող Յովհաննէս Հինդլեանի Շիրիմէն Ջահավառութիւն - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

15 Temmuz 2018  

Պոլսոյ Մէջ Գտնուող Յովհաննէս Հինդլեանի Շիրիմէն Ջահավառութիւն -

Պոլսոյ Մէջ Գտնուող Յովհաննէս Հինդլեանի Շիրիմէն Ջահավառութիւն Պոլսոյ Մէջ Գտնուող Յովհաննէս Հինդլեանի Շիրիմէն Ջահավառութիւն

20 յուլիսին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդէն մեկնարկը պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն շիրիմներէն բերուած հողերուն` հայրենի հողին միախառնումով եւ նոյն վայրերէն բոցավառած ջահերու միացումով` Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին:

ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն, Հայոց ցեղասպանութեան զոհ ըլլալով անշիրիմ մնացած Շաւարշ Քրիսեանի շիրիմին փոխարէն Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց մատուռի անմար կրակէն վառեցաւ անոր նուիրուած ջահը, ինչպէս նաեւ հոնկէ առնուեցաւ ափ մը հողը, Փարիզի մէջ նոյն արարողութիւնը կատարուեցաւ միութեան հիմնադիր անդամներէն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմէն, իսկ երէկ` 12 յուլիսին նմանօրինակ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր երրորդութենէն Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին շուրջ:

Այս առիթով Պոլիս ուղղուած էին ՀՄԸՄ-ի երկու ներկայացուցիչներ` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ, Հայաստանի «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Դաւիթ Յակոբեանը եւ նախկին տարազաւոր խմբապետ Գեղամ Մանուկեանը, որ «Երկիր մետիա»-ի քաղաքական հաղորդումներու եւ լուրերու տնօրէնն է:

Նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յուսիկ քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ, իսկ երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի գլխաւորութեամբ:

Դաւիթ Յակոբեան ու Գեղամ Մանուկեան ծաղիկներ զետեղեցին Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին վրայ եւ յարգեցին անոր յիշատակը, ապա հոն վառած մոմերէն Գեղամ Մանուկեան վառեց յատուկ ջահը, որուն խորհրդանշական լոյսը պիտի տեղափոխուի Երեւան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+