Արաս Էն Նոր Գիրքեր - Հայերէն
02 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Հրանդ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

14 Temmuz 2018  

Արաս Էն Նոր Գիրքեր -

Արաս Էն Նոր Գիրքեր Արաս Էն Նոր Գիրքեր

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց երկու գիրքեր, որոնք յատկանշական կը համարուին պատմական յիշողութեան տեսակէտէ։ Այդ գիրքերէն մին կը կոչուի «Նամակ՝ Հիթլէրին»։ Միւս գիրքը կը կոչուի «Ուղեւորութիւն՝ գոյներու երկիր»։

«Նամակ՝ Հիթլէրին» գիրքի հեղինակն է իտալացի լրագրող ու պատմաբան Կապիրէլ Միսսին։ Գործը իտալերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Սունա Քըլըչ։ Այս գիրքը կը ներկայացնէ Արմին Վեկնէրի ոդիսականը ու նշուի, որ ան 20-րդ դարու մեծ յանցագործութիւններու ականատեսն ու զոհն է։ Ընդգծուած է, որ Արմին Վեկնէր 20-րդ դարուն առանձին պայքար մղած է ցեղասպանութիւններու դէմ։

Իսկ «Ուղեւորութիւն՝ գոյներու երկիր» գիրքի հեղինակն է Օսիպ Մանտելշթամ։ Գործը ռուսերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Լուտմիլա Տենիսենքօ։ Հեղինակը 1930 թուականին իր կողակցին հետ այցելած է Հայաստան եւ գիրքը կը բովանդակէ իր տպաւորութիւնները։ Այս գործին հրատարակութիւնը խրախուսուած է Ռուսաստանի Գրական թարգմանութիւններու կաճառին կողմէ։ Երկու գիրքերու ալ կողքի ձեւաւորումները կատարուած են Արէտ Կըճըրի կողմէ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+