Ջերմ Վերաբերմունք - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

14 Temmuz 2018  

Ջերմ Վերաբերմունք -

Ջերմ Վերաբերմունք Ջերմ Վերաբերմունք

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Անգարայի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնակալման արարողութեան մասնակցելէ վերջ վերադարձաւ քաղաքս։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հրապարակեցին Պեշթեփէի համալիրին մէջ նկարահանուած Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ նորին սրբազնութեան լուսանկարը։ Այդ դրուագը կը ցոլացնէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ նախագահին շնորհաւորութիւններու փոխանցման պահը։ Ինչպէս ծանօթ է, ընդհանուր փոխանորդին առընթեր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ հրաւիրուած էր Անգարայի արարողութեան։ Թէ՛ նորին սրբազնութիւնը եւ թէ Շիրինօղլու դրական տպաւորութիւններով վերադարձած են մայրաքաղաքէն՝ պաշտօնակալման արարողութեան ընթացքին արժանացած ըլլալով ջերմ վերաբերմունքի եւ բարձր արարողակարգի։

Բաց աստի, Անգարայէ վերադարձին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւին, որու կ՚ընկերանար իր օգնականը Մութեպէր Եըլմազճան։ Ընդհանուր փոխանորդի կողքին էին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու։ Մորիս Լեւին ներկայ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց Գումգաբու։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին ան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց համայնքային հարցերու շուրջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց Լեւիի այցելութեան կապակցութեամբ եւ անոր յաջողութեան մաղթանքներ յղեց առաքելութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Swissôtel-ի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ այս ընդունելութիւնը, որու տանտէրն էր Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Նաթալի Մարթի։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ փոխանցեց աւագ հիւպատոսին։

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան հոծ թիւով հիւրեր, որոնց շարքին էին դիւանագէտներ, դիւանակալներ, պետական գործիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, գործարարներ, մտաւորականներ, մամլոյ սպասաւորներ, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլք։








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+