ԱՄՆ Նախագահ Տոնալտ Թրամփ Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին -
ԱՄՆ Նախագահ Տոնալտ Թրամփ Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին
ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
Շնորհաւորական ուղերձի մէջ, մասնաւորապէս, ըուսած է.
«Կը շնորհաւորեմ ձեզ վերջերս կայացած ընտրութիւններուն կապակցութեամբ: Անհամբերութեամբ կը սպասեմ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան, ներառեալ առեւտրային կապերու, ժողովրդավարական ինստիտուտներու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման:
Փտածութեան դէմ պայքարի մէջ յառաջընթացը, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու միասնութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը պիտի նպաստեն այդ ջանքերուն եւ պիտի ապահովեն Հայաստանի պայծառ ապագան:
Լաւագոյն մաղթանքներս Ձեզի եւ հայ ժողովրդին»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com