​Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Մշակոյթի Շաբթուան - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

09 Mayıs 2018  

​Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Մշակոյթի Շաբթուան -

​Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Մշակոյթի Շաբթուան ​Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Մշակոյթի Շաբթուան

Դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթի. «1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւնը Ցեղասպանութիւն էր»

Շահան Սրբազան. «Սուրիան պիտի վերածաղկի շնորհիւ իր մարտունակ բանակին, պայքարունակ ժողովուրդին ու խոհեմ ղեկավարութեան»

6 Մայիսը Սուրիոյ Նահատակներու Օրն է: Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Հալէպի Պետական Համալսարանի «Պաաս» Կուսակցութեան քարտուղար դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթիի, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Միութեան, Երեքշաբթի, 8 Մայիս 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Հալէպի Պետական Համալսարանի Կեդրոնական գրադարանէն ներս բացումը կատարուեցաւ Հայկական Մշակոյթի Շաբթուան՝ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանի, Հալէպի Պետական Համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան քարտուղար դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթիի, Հալէպի պետական համալսարանի նախագահ Մուսթաֆա Աֆիւնի, Համալսարանի մշակութային ձեռնարկներու կուսակցութեան պատասխանատու Ֆաթիմա Աճուրի, Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ղասսան Սաուտի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանի, Ազգ. Վարչութեան ու մարմիններու ներկայացուցիչներու, համալսարանի դասախօսներու, տեղացի եւ հայ համալսարանականներու, լրատուամիջոցներու եւ հոծ բազմութեան։

Բացման արարողութենէն ետք, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիսեանն ու «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի քարտուղար դոկտ. Նայէֆ ալ Սալթին:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Օսմանեան Կայսրութեան ջարդարար քաղաքականութեան, ոգեկոչեց հայ եւ արաբ նահատակները՝ դիտել տալով որ այսօր եւս, սուրիական հողերու վրայ, թրքական նոյն բարբարոսութիւնները ի գործ կը դրուին, սակայն Սուրիան իր քաջարի բանակով, պայքարունակ ժողովուրդով եւ խոհեմ ղեկավարութեամբ ու նախագահով դէմ կը դնէ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող ահաբեկչական շարժումին, իսկ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչները՝ ձեռք-ձեռքի տալով կրկին կը ծաղկեցնեն Սուրիական Հայրենիքը:

«Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի քարտուղարը հաստատեց, որ 1915-ին հայ ժողովուրդը իր պատմական հայրենիքէն տեղահանուելով ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ: Արիւնարբու Ճեմալ Փաշան հայ եւ արաբ մտաւորականներ ջարդեց, սակայն չյաջողեցաւ ոչնչացնել հայ եւ արաբ եղբայր ժողովուրդները, անոնց պայքարելու եւ հայրենիք կերտելու կամքն ու ոգին: Այսօր եւս, Ճեմալ Փաշայի ժառանգորդ, արիւնարբու աւազակը կը թալանէ Սուրիոյ հարստութիւնը, ջարդի ու տեղահանութեան կ՛ենթարկէ այս տարածքին մէջ ապրող խաղաղ ժողովուրդը՝ իր բոլոր բաղադրիչներով, սակայն մեր միասնակամ պայքարին շնորհիւ ձախողութեան պիտի մատնենք անոր ծաւալապաշտական ծրագիրները ու յաղթական դուրս պիտի գանք այս պայքարէն:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան գրադարանի կեդրոնական սրահ, ուր դիտեցին Հայ ժողովուրդին եւ անոր պատմութեան ու պետականութեան նուիրուած ցուցահանդէսը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+