Հռոմի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Տեղի Ունեցաւ -
Հռոմի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Տեղի Ունեցաւ
Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպուած է Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 24-ին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը, ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեանը:
Մասնակիցները նախ ծաղիկներ դրած են եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց Եղեռնի զոհերու յիշատակին տեղադրուած հայկական խաչքարի մօտ, որմէ ետք Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ:
«Հայ համայնքը այսօր հաւաքուած է մեր եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: 103 տարի անցած է հայերու բնաջնջման փորձէն, սակայն մենք շարունակած ենք ապրիլ ու արարել, պահպանել մեր հաւատքը, լեզուն եւ հայրենիքը, մեր մշակոյթն ու եկեղեցիները: Այսօրուան մարդոց ներկայութիւնը կը վկայէ այդ մասին»,- ըսած է Բաղդասարեան:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկները վկայութիւնն են Անաթոլ Ֆրանսի կողմէ հնչեցուած մարգարէական խօսքերու իրաւացիութեան. այն է` «Հայաստանը կը մեռնի, բայց Հայաստանը պիտի վերածնուի նորէն: Ժողովուրդ մը, որ չի ցանկար մեռնիլ, չի մեռնիր»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com