Փարիզի Մէջ Զապէլ Եսայեանի Անունը Կրող Ծառուղիի Մը Բացումը Կատարուեցաւ -
Փարիզի Մէջ Զապէլ Եսայեանի Անունը Կրող Ծառուղիի Մը Բացումը Կատարուեցաւ
8 մարտ 2018-ին, Փարիզի մէջ, Կիներու միջազգային օրուան առիթով, քաղաքապետ Անն Իտալկօ բացումը կատարեց գրող Զապէլ Եսայեանի անունը կրող ծառուղիին: Զապէլ Եսայեանի անունը կրող ծառուղի բանալու մտադրութեան մասին Իտալկօ յայտարարած էր անցեալ տարի, նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:
Ծառուղիի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Ֆրանսախօս երկիրներու համագործակցութեան հարցերու կարգաւորման պատասխանատու, Փարիզի փոխքաղաքապետ Փաթրիք Կլուքման, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Փարիզի 20-րդ եւ 11-րդ թաղամասերու ղեկավարներ Ֆրետերիք Քալանտրա եւ Ֆրանսուա Վոլի:
Ծառուղին տեղակայուած է Մենիլմոնթան պողոտայի սկզբնաւորութեան, ուր կ՛աւարտին Թլեմքէն ու Սփինոզա փողոցները, եւ սկիզբ կ՛առնէ Հանրապետութեան պողոտան:
Զապէլ Եսայեան (1878 – 1943) հայ գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս է: Ան վաւերագրած է 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները: Ակնառու են հասարակութեան մէջ կնոջ արժէքն ու դերը լուսարձակի տակ բերող իր գործերը: Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են անգլերէնի, պուլկարերէնի, գերմաներէնի, ռուսերէնի, թրքերէնի եւ ֆրանսերէնի:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com