Սրտբաց Զրոյց - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

05 Mart 2018  

Սրտբաց Զրոյց -

Սրտբաց Զրոյց Սրտբաց Զրոյց

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան այցելեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր զրոյց մը ունեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։ Տաճարին մէջ հաւաքուած էին մեր համայնքէն բազմաթիւ անդամներ, որոնք լսեցին նորին սրբազնութեան պատգամը եւ հնարաւորութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու անոր։

Երեկոյթի տեւողութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առաջին առթիւ անդրադարձաւ Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան խանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Վճռաբեկ ատեանի որոշումով, Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը պիտի վերարձանագրուի Պատրիարքական Աթոռին անունով։ Վերջնական կարգադրութիւններուն համար թէեւ տակաւին որոշ ժամանակ մը կ՚ենթադրուի, սակայն վերջին դատական որոշումը կը համարուի բեկումնային։ Այս բոլորի լոյսին տակ նորին սրբազնութիւնը բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէս առգրաւուած էր անցեալի մէջ Սանասարեան խանը, ինչպիսի դատական-իրաւական գործընթաց մը խնդրոյ առարկայ եղած է մինչեւ այսօր եւ մանաւանդ վերջին իրադարձութիւնները կը խոստանան ինչպիսի հեռանկարներ։

Հանդիպման տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը ծաւալուն ձեւով անդրադարձաւ պատրիարքական ընտրութեան տագնապին։ Ամփոփ գիծերու մէջ մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւնները յիշեցնելէ վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիմնական քննադատութիւնները ուղղեց Նախաձեռնարկ մարմնին։ Իր խօսքերով, առանց պետութիւնը իրազեկելու առնուած քայլերը պատճառ դարձան, որ համայնքը մատնուի առկայ փակուղիին։ Անդրադառնալով ներկայ կացութեան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցին, հեռանկարներուն շուրջ հարիւր տոկոս յուսալքուած չէ։ Ըստ իրեն, շուրջ վեց ամսուան սպասման շրջան մը պէտք է անցնի եւ երբ համայնքէն ներս յարաբերաբար աւելի հանդարտ մթնոլորտ մը հաստատուի, ապա թրքահայ հաւաքականութենէն հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու հետ կը ծրագրէ այցելել մայրաքաղաք՝ այս խնդիրը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերելու համար։

Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց նաեւ ուրիշ կարեւոր հանգամանք մը։ Արդարեւ, ան կը ծրագրէ Պատրիարքարանէ ներս ստեղծել խորհրդակցական մարմին մը։ Բաց աստի, ան աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ՝ որպէսզի այդ խորհրդակցական մարմինը աստիաճանաբար ձեռք բերէ պաշտօնական հանգամանք մը ու ձեւով մը փոխարինէ Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած ընդհանրական լիազօրութիւններով աշխարհական այս մարմինը, այսինքն՝ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը։

Եշիլգիւղի հաւաքոյթի տեւողութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ Պատրիարքական Աթոռի եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի հրաժարեալ ատենապետ Յարութիւն Շանլըի միջեւ ծագած լարուածութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ մեր համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին։ Առաջին խնդրի պարագային նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ մեր աշխարհական վարիչներու իրաւասութիւններու սահմաններէն դուրս կը մնայ հոգեւորականներու նշանակումներուն միջամտելը։ Իսկ թաղային խորհուրդներու կամ մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ խորհրդածելու ժամանակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ կարգ մը համայնքային վարիչներ աշխատանք կը տանին՝ որպէսզի այս հարցը մնայ նոյն առկախեալ վիճակին մէջ։

Ի լրումն այս բոլորին՝ նորին սրբազնութիւնը աւելցուց, որ համայնքային կեանքէ ներս յարաբերական հանդարտութեան մը հաստատուիլը սպասելէ վերջ, երբ պիտի ջանայ այցելել Անգարա՝ այնտեղ պիտի փորձէ պետական պատկան մարմիններու տրամադրութիւնները շօշափել թէ՛ պատրիարքական ընտրութիւններու եւ թէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։

Եշիլգիւղի հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատասխանեց նաեւ ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն։




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+