Զեկոյց - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

20 Şubat 2018  

Զեկոյց -

Զեկոյց Զեկոյց

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 19 Փետրուար 2018, Երկուշաբթի, գումարուեցաւ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի։ Յատենի ժողովոյ քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր, նաեւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Չուլճեանի մամլոյ միջոցաւ ըրած յայտարարութիւնը ի մասին Պատրիարքական Աթոռի հետ առընչուած վերջին իրադարձութիւններու։

Ժողովական հայրերը ցաւով անդրադարձան, թէ Սրբազան Հայրը անդրանցելով քննադատութեան սահմանները, ունեցած է վիրաւորական ու անարգական արտայայտութիւններ։

Միշտ ընդունելի են առողջ քննադատութիւնները որքան որ ալ ծանր ըլլան անոնք։ Սակայն երբեք ընդունելի չեն անիրաւ ու անարդար պարսաւանքներ՝ համազօր լուտանքի։ Արտօնելի չեն երբեք Աթոռի մը բարձրագոյն իշխանութեան հասցէագրել տողեր, որոնք ոտնակոխ կ՚ընեն նրբանկատութեան, քաղաքավարութեան եւ ազնուութեան սկզբունքները։ Սրբազան Հայրը առանց անձնապէս հետաքրքրուելու եւ պատշաճ բացատրութիւններ լսելու իրադարձութեանց եւ զգայնութեանց մասին, դժբախտաբար հեռուէն որդեգրած է ամբոխավար կեցուածք։

Մեր մատեաններուն մէջ արձանագրուած են Կրօնական Ժողովի կեցուածքին մասին իր կողմէ արտայայտուած «անսկզբունքային եւ անարժանապատիւ» որակումը, որ նկատուած է անընդունելի եւ պախարակելի։

Այնպէս կը տեսնուի, թէ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը չէ հասկցած մեր Զեկոյցին մէջ տեղ գտած «Պատրիարքական ընտրութիւնը կը կատարուի եւ կը վերջանայ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան համակամ ընթացքով» նախադասութիւնը։ Կրօնական Ժողովը միշտ նկատի ունենալով մեր երկրի առկայ եւ հասկնալի զգայնութիւնները՝ շարժած է ըստ այդմ։ Ուստի հրապարակուած զեկոյցը, որ կը ցոլացնէ այդ կեցուածքը՝ պէտք է արժեւորել իր ամբողջութեանը մէջ։

Մեծ Պահոց այս նուիրական շրջանին մեզի համար հոգեւոր ուրախութեան առիթ պիտի ըլլայ լսել Սրբազան Հօր շինիչ արտայայտութիւնները, պսակուած սրտաբուխ աղօթքի բառերով եւ մաղթանքներով։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

19 Փետ­րուար 2018
Հա­մար. 11351




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+