Թիֆլիսի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած է Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 149-ամեայ Յոբելեանը -
Թիֆլիսի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած է Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 149-ամեայ Յոբելեանը
Փետրուար 19-ին, Թիֆլիսի մէջ մեծ շուքով նշուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 149-ամեայ յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմը:
Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ ձեռնարկները մեկնարկած են Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ, ուր ծաղիկներ խոնարհուած են Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին առջեւ եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը մատուցած է հոգեհանգստեան կարգ: Այնուհետեւ, բանաստեղծուհի Անահիտ Բոստանջեանի սկիզբ դրած աւանդոյթին համաձայն` գիրք նուիրելու տօնի ծիրէն ներս ներկաներուն նուիրուած են գիրքեր:
Ձեռնարկները շարունակուած են Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնին մէջ, ուր հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցած է տիկնիկային թատրոնի բացման արարողութիւնը:
Տուն-թանգարանի աշխատակազմի եւ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի պետական դրամատիկական թատրոնի աշխատակազմի կողմէ բեմադրուած էր տիկնիկային ներկայացում` Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» ստեղծագործութեան հիման վրայ:
Ներկայացման աւարտին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Միրզախանեանը ընդգծած է մշակոյթի դերն ու նշանակութիւնը` աւելցնելով որ տիկնիկային թատրոնի ստեղծումը նոր երանգ պիտի հաղորդէ Թիֆլիսի հայութեան մշակութային կեանքին:
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամուլի խօսնակ Յարութիւն Հայրապետեանը դեսպանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ ընդգծած Հայրենիքի սահմաններէն դուրս եւս հայկական մշակոյթը աշխոյժ պահելու կարեւորութիւնը:
Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանի ղեկավար Դաւիթ Գրիգորեանը, Թիֆլիսի Իսանիի շրջանային վարչութեան նախագահ Կախա Լապուչիձէն, Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Բաբայեանը, Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի փոխտնօրէն Անի Եղիազարեանը, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Բայանդուրեանը, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեանը եւ այլք:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com