Չաւուշօղլու. «Եթէ Սուրիական Ուժերը Աֆրին Մուտք Գործեն Քիւրտ Զինեալները Պաշտպանելու Համար, Ոչ Ոք Կրնա - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

20 Şubat 2018  

Չաւուշօղլու. «Եթէ Սուրիական Ուժերը Աֆրին Մուտք Գործեն Քիւրտ Զինեալները Պաշտպանելու Համար, Ոչ Ոք Կրնա -

Չաւուշօղլու. «Եթէ Սուրիական Ուժերը Աֆրին Մուտք Գործեն Քիւրտ Զինեալները Պաշտպանելու Համար, Ոչ Ոք Կրնա Չաւուշօղլու. «Եթէ Սուրիական Ուժերը Աֆրին Մուտք Գործեն Քիւրտ Զինեալները Պաշտպանելու Համար, Ոչ Ոք Կրնայ Զսպել Թրքական Ուժերը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու սպառնաց սուրիական բանակին` յայտնելով. «Եթէ սուրիական ուժերը Աֆրին մուտք գործեն քիւրտ զինեալները պաշտպանելու համար, ոչ ոք կրնայ թրքական ուժերը զսպել»` աւելցնելով. «Հարց չկայ, եթէ սուրիական ուժերը Աֆրին մուտք գործեն վերջ տալու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ Ամմանի մէջ իր յորդանանցի պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիա կ՛ողջունէ սուրիական բանակին Աֆրին մուտքը, եթէ անիկա ահաբեկչական խմբաւորումներուն վերջ տալու համար է եւ ոչ թէ զանոնք պահպանելու»:

Աւելի ուշ, թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է իր երկրի բանակի Աֆրինի մէջ շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը եւ ընդգծած. «Սուրիական վարչակազմը ծանր հետեւանքներ պիտի կրէ, եթէ քիւրտ զինեալներուն հետ համաձայնութիւն գոյացնէ»:

Թուրքիոյ կառավարութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց. «Սուրիական բանակին Աֆրին մուտքը կրնայ պատճառ դառնալ աւերի»:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական բանակը կը ռմբակոծէ այն ճամբաները, ուրկէ Աֆրին մուտք պիտի գործէ սուրիական բանակը` աւելցնելով, որ այդ ռմբակոծումը պատճառ կը դառնայ, որ քիւրտ զինեալներու եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան գործադրութիւնը ուշանայ:

ՍԱՆԱ աւելի ուշ հաղորդեց, որ Սուրիոյ կառավարամէտ աշխարհազօրէն ուժեր «քանի մը ժամէն» մուտք պիտի գործեն Աֆրին` դէմ դնելու համար թրքական յարձակումին:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի բանբեր Ռամզի Ռամզի յայտնեց, որ Աֆրինի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը կարելի է եւ կրնայ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը փոխել:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+