Սպառնալով Ամերիկացիներուն «Օսմանեան Բռունցքը» Ցոյց Տալ` Էրտողան. «ՕԹԱՆ-ը Ամերիկան Չէ. Ուաշինկթըն Պէտ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

14 Şubat 2018  

Սպառնալով Ամերիկացիներուն «Օսմանեան Բռունցքը» Ցոյց Տալ` Էրտողան. «ՕԹԱՆ-ը Ամերիկան Չէ. Ուաշինկթըն Պէտ -

Սպառնալով Ամերիկացիներուն «Օսմանեան Բռունցքը» Ցոյց Տալ` Էրտողան. «ՕԹԱՆ-ը Ամերիկան Չէ. Ուաշինկթըն Պէտ Սպառնալով Ամերիկացիներուն «Օսմանեան Բռունցքը» Ցոյց Տալ` Էրտողան. «ՕԹԱՆ-ը Ամերիկան Չէ. Ուաշինկթըն Պէտք Է Ուրիշներուն Նման Յարգէ ՕԹԱՆ-ի Օրէնքներն Ու Կանոնները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «ՕԹԱՆ-ի բոլոր անդամները հաւասար իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ ունին, եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ուրիշներուն նման յարգեն օրէնքներն ու կանոնները»:

«Թուրքիան իրաւունք ունէր «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կատարելու, ինչպէս նաեւ «Ձիթենիի ճիւղ»-ը կատարելու` պահպանելու համար մեր հողերուն անվտանգութիւնն ու մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը, եւ եթէ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը շղթայազերծելու առումով մինչեւ ամառ ուշացած ըլլայինք, ահաբեկիչները պիտի շարունակէին փապուղիներ փորել եւ բերդեր կառուցել»:

«Քրտական ահաբեկչական ջոկատներուն կողմէ մեր սահմաններուն վրայ ահաբեկչական անցքեր ստեղծելու համար փորուած շարք մը անցքեր յայտնաբերեցինք», յայտարարեց ան:

«Թուրքիոյ կողմէ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան շղթայազերծումէն նեղացողներ կան, ինչ որ մեզ կը մղէ հարցականի տակ առնելու ՕԹԱՆ-ի կանոնները, ուստի ՕԹԱՆ-ը պէտք է պաշտպանէ Թուրքիան եւ անոր կողքին կանգնի, մինչ ան կը պաշտպանէ իր ազգային անվտանգութիւնը, որովհետեւ դաշինքին անդամ պետութիւն է», նշեց Էրտողան` աւելցնելով. «ՕԹԱՆ-ը Ամերիկան չէ: Այս դաշինքին մէջ բոլոր պետութիւնները հաւասար են, եւ բոլորը պէտք է յարգեն դաշինքին օրէնքներն ու կանոնները»:

Անդրադառնալով Կիպրոսի Հանրապետութեան կողմէ Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի պեղման աշխատանքին` Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ. «Ոչ ոք թող կարծէ, թէ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը մեր ուշադրութիւնը պիտի շեղէ Եգէական ծովուն ու Միջերկրական ծովուն մէջ մեր իրաւունքներուն պաշտպանութենէն»:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միացեալ Նահանգներու պայքարը իրականութեան մէջ թատերական ներկայացում է եւ այժմ «վերածուած» է Թուրքիոյ դէմ պայքարի:

«Կ՛ըսէք, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարիք, արդէն կէս միլիառ ծախսած էք եւ այժմ կ՛ուզէք այդ թիւը հասցնել երեք միլիառի: Իսկ այս ընթացքին քանի՞ ՏԱՀԵՇ-ական սպաննած էք: Եկած է ժամանակը վերջ տալու այդ թատրոնին», ըսած է ան եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած «հանելու դիմակները»:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ պատասխանած է ամերիկացի հրամանատարներէն մէկուն այն յայտարարութեան, թէ թրքական զինեալ ուժերու Մընպեժը հարուածելու պարագային ամերիկեան ուժերը կարծր պատասխան պիտի տան:

«Այդպէս կը խօսին անոնք, որոնք տակաւին չեն տեսած օսմանեան բռունցքը», ըսած է Էրտողան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+