Էրտողան. «Աֆրինէն Ետք Պիտի Ուղղուինք Մընպեժ, Ապա Դէպի Հիւսիսային Իրաքի Սահման - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

27 Ocak 2018  

Էրտողան. «Աֆրինէն Ետք Պիտի Ուղղուինք Մընպեժ, Ապա Դէպի Հիւսիսային Իրաքի Սահման -

Էրտողան. «Աֆրինէն Ետք Պիտի Ուղղուինք Մընպեժ, Ապա Դէպի Հիւսիսային Իրաքի Սահման Էրտողան. «Աֆրինէն Ետք Պիտի Ուղղուինք Մընպեժ, Ապա Դէպի Հիւսիսային Իրաքի Սահման

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ թրքական բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը միայն ահաբեկիչներուն դէմ ուղղուած է եւ քաղաքայինները թիրախ չի դարձներ:

Ան յայտնեց, որ իր երկրին բանակը կը յառաջանայ Աֆրինի ուղղութեամբ` նշելով, որ թրքական զինուորական գործողութիւնը, որ քաղաքայիններուն խնայելու համար դանդաղ կ՛ընթանայ, պիտի երաշխաւորէ տեղահանուածներուն իրենց երկիր վերադարձը:

Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումը թրքական պահանջ մըն է` նշելով, որ ահաբեկիչներուն զէնքի մատակարարումը կը շարունակուի:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ամերիկեան դրօշին տակ ազատօրէն կը շրջին շրջանին մէջ` ընդգծելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը երկարատեւ է եւ ժամանակ կը խլէ:

Ան ողջունեց Սուրիական ազատ բանակի զինեալները, որոնք «թրքական բանակի զաւակներուն հետ կողք-կողքի պատուաւոր պայքար կը մղեն»:

«Մընպեժը պիտի ձերբազատենք ահաբեկիչներէն…որովհետեւ անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները», յայտարարեց Էրտողան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+