Ոգեկոչելով՝ Հրանդ Տինքը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

23 Ocak 2018  

Ոգեկոչելով՝ Հրանդ Տինքը -

Ոգեկոչելով՝ Հրանդ Տինքը Ոգեկոչելով՝ Հրանդ Տինքը

Հ­րանդ ­­Տին­քի փաս­տա­բա­նու­հի, մեծ մօր կող­մէ հայ՝ ­­Ֆէթ­հիէ ­­Չե­թի­նի խօս­քը 19 ­­Յու­նո­ւար 2018ին ­­Պոլ­սոյ մէջ կա­յա­ցած յու­շա­հան­դէ­սին

Բա­րե՜ւ ձեզ՝ սի­րե­լի­ներ,
Ար­դա­րու­թիւ­նը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը ո­րո­նող­նե­րը,
Յոյ­սի եւ փո­ղո­ցի ա­նու­շիկ զա­ւակ­նե­րը, բա­րե՛ւ.

Տասն­մէկ տա­րի ա­ռաջ, Հ­րանդ ­­Տին­քը այս մայ­թին վրայ, ծոծ­րա­կին կրա­կե­լով, սպան­նե­ցին։ Ա­միս­ներ ա­ռաջ Հ­րան­դի տան եւ «Ա­կօս»ի շուր­ջը հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ ը­նե­լով՝ կրա­կող խում­բին կազ­մա­կեր­պած ժան­տար­ման, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը եւ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան ծա­ռա­յող­նե­րը այդ օր, այս մայ­թին վրայ, սրճա­րան­նե­րու մէջ, բո­կե­ղա­վա­ճառ խա­նութ­նե­րու մէջ նստած, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ի­րենց ծրագ­րած ո­ճի­րին գոր­ծադրման կը սպա­սէին։
Ո­ճի­րը ըստ ծրագ­րո­ւա­ծի գոր­ծադ­րո­ւե­լէն եւ նշա­նա­ռո­ւին փա­խուստ տա­լէն վստահ ըլ­լա­լէ ետք, այս ան­գամ, ո­ճի­րը քննել ձե­ւա­նա­լով՝ փոր­ձե­ցին ո­ճի­րին հետ­քե­րը ան­հե­տաց­նել, փաս­տե­րը պղտո­րել, տե­սախ­ցիկ­նե­րուն ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը հա­ւա­քել, հե­տա­գա­յին զա­նոնք ջնջե­լու հա­մար։
Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ո­ճի­րը ամ­բող­ջու­թեամբ ար­ձա­նագ­րած էին, «իբ­րեւ թէ» փաս­տեր կը հա­ւա­քէին, «իբ­րեւ թէ» հար­ցաքն­նու­թիւն կ­­՚ը­նէին։ Եւ այս «իբ­րեւ թէ»նե­րը բնաւ… չվեր­ջա­ցան։
Այդ օր պե­տու­թիւ­նը այս­տեղ էր։ ­­Պե­տու­թիւ­նը այս­տեղ էր՝ իր ոս­տի­կա­նու­թեամբ, ժան­տար­մա­նե­րով եւ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րով։ ­­Սա­կայն Հ­րանդ ­­Տին­քի կեան­քի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու եւ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը պահ­պա­նե­լու հա­մար չէ, այլ վստահ ըլ­լա­լու հա­մար, որ կրա­կող­նե­րը ի­րենց գոր­ծը կը կա­տա­րեն։
Հ­րանդ ­­Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան ո­ճիր­նե­րու եւ սպա­նու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջի­նը չէր ան­շուշտ, եւ դժբախ­տա­բար՝ չե­ղաւ վեր­ջի­նը։
Սա­կայն Հ­րանդ ­­Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը հա­սա­րա­կու­թեան մէջ հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը արթն­ցուց, որ ի­րենց հա­շիւ­նե­րէն դուրս էր։
«Ալ կը բա­ւէ՛»,- ը­սել տո­ւաւ։
Հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­ներ միա­ցան յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան օ­րը ու ա­նոնք այժմ չեն կրնար փա­կել դա­տը, որ պի­տի ու­զէին մի քա­նի կրա­կո­ցով փա­կել։

Օս­մա­նեան ­­Կայս­րու­թե­նէն՝ ­­Հան­րա­պե­տու­թիւն, միա­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­կար­գէն՝ բազ­մա­կու­սակ­ցա­կան կեանք, զի­նո­ւո­րա­կան իշ­խա­նու­թե­նէն՝ մե­նա­տի­րա­կան վար­չա­կարգ, վար­չա­ձե­ւեր, հա­մա­կար­գեր կը փո­խո­ւին, բայց պե­տու­թեան բնա­ւո­րու­թիւ­նը, գոր­ծե­լա­կեր­պը եւ զու­լու­մը կը շա­րու­նա­կեն նոյ­նը մնալ։
Հա­սան ­­Ֆէհ­միի ո­ճի­րէն մին­չեւ ­­Սա­պա­հատ­տին Ա­լի, Ապ­տի Ի­փեք­ճիէն մին­չեւ ­­Տո­ղան Էօզ, Ու­ղուր ­­Մում­ճո­ւէն մին­չեւ ­­Մու­սա Ան­թէր, այդ բո­լոր ո­ճիր­նե­րը, ուր պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ դեր խա­ղա­ցած եւ մար­դաս­պան­ներն ալ պաշտ­պա­նո­ւած են, պե­տու­թեան «քա­ղա­քա­կան սպա­նու­թիւն­նե­րու ա­ւան­դու­թեան» մէկ մաս­նիկն են եւ պե­տու­թեան գո­յու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րէն են։
Տար­բեր ա­նուն­նե­րու տակ՝ մար­դաս­պան­նե­րը միշտ նոյնն են։ «­­Հա­մի­տեան հե­ծե­լա­զօրք»էն մին­չեւ «­­Թաշ­քի­լա­թը ­­Մահ­սու­սա», «­­Սէ­ֆէր­պէր­լիք»ի քննիչ յանձ­նա­խումբ­նե­րէն մին­չեւ «­­Քոն­թըր-կէ­րիլ­լա», «յա­տուկ պա­տե­րազ­մա­կան ա­տեան»նե­րէն մին­չեւ ­­Ժի­թեմ (­­Զի­նո­ւո­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան՝ ժան­տար­մա­յի ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի լրա­հա­ւաք յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն — «­­Նոր ­­Յա­ռաջ»)…
Իսկ այ­սօր, «ոս­տի­կա­նու­թեան յա­տուկ ու­ժե­րը», «­­Ժան­տար­մա­յի յա­տուկ ու­ժե­րը» եւ ան­պատ­ժե­լիու­թեան զրա­հով վա­հա­նո­ւե­լու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ «­­Ժո­ղովր­դա­կան յա­տուկ ու­ժե­րը»։
Շր­ջան մը՝ ֆէթ­հուլ­լա­հա­կան­նե­րուն հետ ուս-ու­սի տո­ւած էր­կէ­նէ­քո­նա­կան­նե­րու դէմ, իսկ յե­տոյ՝ էր­կէ­նէ­քո­նա­կան­նե­րուն հետ միա­ցած, բո­լոր յան­ցանք­նե­րը կը նե­տեն ֆէթ­հուլ­լա­հա­կան­նե­րուն վրայ։
Քա­նի որ մե­քե­նան միշտ նոյն մե­քե­նան է, փո­փո­խո­ւո­ղը միայն մե­քե­նա­վարն է։ ­­Մի՛ նա­յիք այ­սօր իբ­րեւ թէ հա­կոտ­նեայ բե­ւեռ­նե­րու վրայ են, ի­րա­րու աչք կը փո­րեն, ա­սոնք նոյն հար­թա­կին, նոյն գոր­ծի­քին կցորդն են։
Ա­սոնց կռի­ւը սահ­մա­նո­ւած է՝ պե­տու­թիւ­նը ձեռք ան­ցը­նե­լով եւ ձեռք ձգո­ւած դիր­քե­րու շնոր­հիւ ի­րենց տէ­րու­թիւ­նը յա­ւի­տե­նա­կան դարձ­նե­լով։
Ա­սոնց հո­գը չէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ար­դա­րու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը։
Սա­կայն նոյնն է ի­րենց մղձա­ւան­ջը եւ կը սնի նոյն՝ Ճշ­մար­տու­թե­նէն եւ Ար­դա­րու­թե­նէն վա­խէն։
Ա­սոնց ա­ռա­ջին ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան գիծն է ճշմար­տու­թիւ­նը քո­ղար­կել, որ­մէ եւ մա­հա­ցու կը վախ­նան։ ­­Քա­նի որ գի­տեն, ի վեր­ջոյ ար­դա­րու­թիւ­նը պի­տի գայ եւ հա­շիւ պի­տի պա­հան­ջո­ւի Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար, ­­Տեր­սի­մի հա­մար, ­­Մա­րա­շէն մին­չեւ Ս­վաս, Իլ­հան Էր­տոս­թէն մին­չեւ ­­Մե­թին ­­Կէօք­թե­փէ, ­­Թայ­պեթ Ի­նա­նէն մին­չեւ ­­Քե­մալ ­­Քուր­քութ, մին­չեւ ­­Սե­ւակ ­­Պա­լըք­ճը, Հ­րանդ ­­Տին­քէն մին­չեւ ­­Թա­հիր Էլ­չի։
Ճշ­մար­տու­թիւ­նը քո­ղար­կե­լու եւ իշ­խա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար, մնա­յուն թշնա­մի հա­յե­րը, քիւր­տե­րը, ա­լե­ւի­նե­րը, ձա­խա­կող­մեան­նե­րը եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը կե­ղե­քե­լու հա­մար՝ պե­տու­թիւ­նը հրո­սակ­ներ կը ստեղ­ծէ, ձեռ­քե­րը ա­րիւ­նով ոճ­րա­գործ­նե­րը գոր­ծի կը լծէ։
Նախ­կին ո­ճիր­նե­րը ծած­կե­լու հա­մար նոր ո­ճիր­ներ կը գոր­ծէ։


Ա­ռա­ւել եւս, ա­սի­կա աշ­խար­հին մէջ ա­մէն տեղ այս­պէ՛ս է։
Պե­տու­թիւն կո­չո­ւած հա­մա­կար­գը ա­րիւ­նով, բռնու­թեամբ եւ վայ­րա­գու­թեամբ կը սաս­տէ ա­մէն տե­սակ ա­զա­տա­կան տենչ, ա­մէն տե­սակ հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան պա­հանջ։
Սա­կայն իր դէմ կը գտնէ Պ­րո­մե­թեւս­նե­րը, Ս­պար­տա­կուս­նե­րը, ­­Ռո­զա ­­Փարք­սե­րը, Ման­տե­լա­նե­րը, ­­Մար­թին ­­Լու­թեր ­­Քին­կե­րը, ­­Կան­տի­նե­րը եւ Փ­լա­զա ­­Տէլ ­­Մա­յո­յի ­­Մայ­րե­րը։
Ան­թիւ ու ան­հա­մար դի­մադ­րո­ղա­կան­նե­րը՝ ո­րոնց ա­նուն­ներն իսկ չենք գի­տեր…
Եւ ի վեր­ջոյ դի­մադ­րո­ղա­կան­նե­րը յաղ­թա­կան կ­՚ըլ­լան։
Ման­տե­լան բան­տէն կ­­՚ա­զա­տի, ցե­ղա­պաշտ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը կը փլու­զո­ւի եւ ինք կը դառ­նայ նա­խա­գահ։
Հնդ­կաս­տա­նի մէջ ­­Կան­տին եւ հե­տե­ւորդ­նե­րը ի վեր­ջոյ ի­րենց երկ­րէն կը վտա­րեն անգ­լիա­ցի գա­ղու­թա­տէ­րե­րը։
Ռո­զա ­­Փարքս իր ու­զած դու­ռէն կը մտնէ հան­րա­կառք եւ կը նստի իր ու­զած տե­ղը։
Տասն­չորս տա­րի ա­ռաջ, հա­րիւր տա­րո­ւան ճշմար­տու­թիւ­նը քո­ղար­կե­լու հա­մար, Հ­րանդ ­­Տին­քը աչ­քէ հա­նե­ցին։ Իշ­խա­նու­թեան պայ­քա­րը ա­նոր կեան­քին վրա­յէն տա­րին։ Այ­սօր եւս, ի­րենց կռիւ­նե­րը ա­նոր վրա­յէն, այս ան­գամ դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ կը տա­նին։
Կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց հա­շո­ւե­յար­դար­նե­րուն մէջ շա­հա­գոր­ծել Հ­րանդ ­­Տին­քը, զոր սպան­նե­ցին տասն­մէկ տա­րի ա­ռաջ։
Կ­­՚ու­զեն, որ հա­ւա­տանք ի­րենց նոր գրած թա­տե­րա­խա­ղին եւ դադ­րինք զի­րենք հե­տապն­դե­լէ։
Ըստ այս նոր թա­տե­րա­խա­ղին՝ Հ­րանդ ­­Տին­քի դա­հիճ­նե­րը իշ­խա­նու­թեան պայ­քա­րի պար­տո­ւած կողմն են, ո­րոնց հետ տա­կա­ւին ե­րէկ ձեռք-ձեռ­քի էին։
Ձեր գրած իւ­րա­քան­չիւր թա­տե­րա­խաղ, ճշմար­տու­թեան պզտիկ բա­ժինն է պա­րոն­ներ, չէք կրնար մեզ խա­բել այս­պէս, գրե­ցէ՛ք տեղ մը՝ կ­­՚ու­զե՛նք ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ամ­բո՛ղջ ճշմար­տու­թիւ­նը։
Գի­տենք որ ա­սի­կա շատ դժո­ւար է։ ­­Բայց եւ այն­պէս, պի­տի չհրա­ժա­րինք ոճ­րա­գոր­ծը մատ­նան­շե­լէ եւ դա­տա­պար­տե­լէ։


«Աշ­խար­հը վտան­գա­ւոր վայր մըն է ոչ թէ ա­թոռ շի­նող­նե­րուն պատ­ճա­ռով, այլ ա­նոնց, ո­րոնք ա­ռանց բան մը ը­նե­լու՝ նստած կը մնան»։ (Ալ­պերթ Այնշ­թայն)
Ինչ­պէս աշ­խար­հի միւս՝ նման եր­կիր­նե­րու մէջ, այս­տեղ եւս բռնա­կա­լը իր ու­ժը կ­­՚առ­նէ հան­դի­սա­տես­նե­րէն, իր հան­դի­սա­տես­նե­րուն շնոր­հիւ կը զօ­րա­նայ, «ոյժ»ը կը դադ­րի «ո­ճիր» ըլ­լա­լէ՝ հան­դի­սա­տես­նե­րէն առ­նո­ւած լռե­լեայն հա­ւա­նու­թեամբ։ Ոճ­րա­գործ­նե­րը չեն դա­տա­պար­տո­ւած, ո­ճիր­նե­րը մնա­ցած են ան­պա­տիժ։
1915ի ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իր հան­դի­սա­տես­նե­րը ոչ միայն վե­րա­ծեց վկա­նե­րու, այ­լեւ այս ­­Մեծ Ա­ղէ­տի ըն­թաց­քին եւ ետ­քը գոր­ծո­ւած բո­լոր ո­ճիր­նե­րու մեղ­սա­կի­ցի վե­րա­ծեց։
Միայն դի­մադ­րո­ղա­կան­նե­րու, ա­նար­դա­րու­թեան դէմ կանգ­նող­նե­րուն ձեռ­քերն են, որ մա­քուր են։
Ո­րով­հե­տեւ ­­Լե­վի­նաս կ­­՚ը­սէ, թէ՝ «Ու­րի­շին վրայ ան­սահ­ման իշ­խա­նու­թիւ­նը միայն սպա­նու­թեամբ կա­րե­լի է։ ­­Սա­կայն երբ կը սպան­նես՝ կը մեռ­նի նաեւ ա՛յն, ո­րուն վրայ կ­­՚ու­զէիր իշ­խա­նու­թիւն հաս­տա­տել»։
Ո­րով­հե­տեւ այն­քան ա­տեն, որ չենք ա­ռե­րե­սուիր ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ, այդ ­­Մեծ Ա­ղէ­տին հետ, մեր կեան­քը կը շա­րու­նա­կէ մնալ բռնու­թեան գե­րին, եւ փաստ է, որ ճիշդ այդ­պէս ալ ե­ղաւ։
Ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս Ա­րէնթ կը յի­շեց­նէ՝ «Ե­թէ չա­րի­քը մէկ ան­գամ պա­տա­հած է, պատ­ճառ չկայ, որ մէկ ան­գամ եւս չպա­տա­հի։ Ապ­րո­ւա­ծը կ­­՚ար­ձա­նագ­րո­ւի գի­տակ­ցու­թեան մէջ, եւ որ­քան որ ան­ցեա­լին, նո՛յն­քան ալ ա­պա­գա­յին կը վե­րա­բե­րի»։


Կ­­՚ապ­րինք այն­պի­սի օ­րեր, երբ չա­րի­քին ոտ­նա­ձայն­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կը սաստ­կա­նան, կը սպառ­նան մեր ամ­բողջ էու­թեան։
Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճա­կը շա­րու­նա­կա­կան եւ մնա­յուն վի­ճա­կի հաս­ցո­ւած է։
Օ­րի­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան մը հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րը նե­տո­ւած են բանտ, ընտ­րո­ւած քա­ղա­քա­պետ­ներ հե­ռա­ցուած են ի­րենց պաշ­տօն­նե­րէն։ Լ­րագ­րող­ներ, ի­րա­ւա­պաշտ­պան­ներ, այլ եր­կիր­նե­րու հետ աղ­տոտ սա­կար­կու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով կը շա­րու­նա­կեն մնալ բան­տե­րու մէջ։
Ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թիւ­նը վեր­ցո­ւած է։ Լ­րագ­րեր, հե­ռա­տե­սիլ­ներ փա­կո­ւած, գիր­քեր հա­ւա­քո­ւած են։
«Օ­րէն­քի ու­ժով հրա­հանգ­ներ»ով հա­զա­րա­ւոր աշ­խա­տա­ւոր­ներ կը հե­ռա­ցո­ւին ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րէն ա­ռանց դա­տա­կան վճիռ­նե­րու։ ­­Կար­ծէք ա­տի­կա բա­ւա­րար չըլ­լար, «գործս ետ կ­­՚ու­զեմ» ը­սե­լով՝ հա­ցա­դու­լի սկսած ­­Նու­րիէ եւ ­­Սե­միհ կը բան­տար­կո­ւին։
Բա­նո­ւո­րա­կան ո­ճիր­նե­րը, կի­նե­րու դէմ ո­ճիր­նե­րը հա­սած են կո­տո­րած­նե­րու մա­կար­դա­կի։
Միայն մար­դիկ եւ կեան­քեր չեն կո­տո­րո­ւող­նե­րը։ ­­Հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ դի­մադ­րած Քուր­շուն­լու մզկի­թի, ­­Սուրբ ­­Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ, ­­Քա­ռո­տա­նի մի­նա­րէի նման պատ­մա­կան ար­ժէք­նե­րով խորհրդան­շո­ւող հսկայ թա­ղա­մաս մը՝ ­­Սու­րը,- ո­րուն ա­նուն­նե­րէն մէկն ալ Կեա­ւուր թաղն էր,- բա­ռին բուն ի­մաս­տով հիմ­նա­յա­տակ ը­րին, ան­շուշտ դար­ձեալ պե­տա­կան հսկո­ղու­թեամբ։
Զ­բօ­սայ­գի­ներ, յու­շար­ձան­ներ, գե­րեզ­մա­նա­տուն­ներ քան­դո­ւե­ցան, ե­կե­ղե­ցի­ներ պղծո­ւե­ցան։ Նոյ­նիսկ ան­շունչ ա­ճիւն­ներ բռնու­թեան են­թար­կուե­ցան։
Կար­ծես այս բո­լո­րը չէին բա­ւեր, քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ո­ճիր գոր­ծե­լու քա­ջա­լե­րող, նոյ­նիսկ խրա­խու­սող «Օ­րէն­քի ու­ժով հրա­հանգ­ներ»ը եւ ա­մէն օր զի­նեալ մար­զու­մի նո­րա­յայտ բա­նա­կա­վայր­նե­րը կար­ծես նոր ո­ճիր­նե­րու եւ կո­տո­րած­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն են։
Մի՞­թէ նոր եւ ծանր ա­մօթ­ներ պի­տի ապ­րեց­նեն այս հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, որ ար­դէն ան­ցեա­լի ծանր ա­մօթ­նե­րով բեռ­նա­ւո­րո­ւած է:
Այս հա­սա­րա­կու­թեան ա­պա­գան հան­դի­սա­ցող մեր զա­ւակ­նե­րուն, բա­ցի ա­մօ­թէ, ու­րիշ բան չու­նի՞նք ժա­ռան­գե­լիք:
Ան­շո՛ւշտ ու­նինք։
Դեռ կա­րե­լի է մեր զա­ւակ­նե­րուն որ­պէս ժա­ռան­գու­թիւն թո­ղել ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րով միա­սին ապ­րե­լու եւ ա­նար­դա­րու­թեան ու չար­չա­րան­քին դի­մադ­րե­լու մշա­կոյթ, փո­խա­նակ՝ յան­ցանք­նե­րու եւ վայ­րա­գու­թեան ա­մօ­թին:
Ժա­մա­նակն է ­­Թա­հիր Էլ­չի ըլ­լա­լու եւ բռնու­թեան դէմ ել­լե­լու, խա­ղա­ղու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու:
«­­Խա­ղա­ղու­թեան հա­մար ա­կա­դե­մա­կան­ներ»ու կող­քին «Այս ո­ճի­րին մեղ­սա­կից չենք ըլ­լար» բարձ­րա­ձայ­նե­լու ժա­մա­նակն է:
«­­Շա­բա­թօ­րեայ մայ­րեր»ուն հետ միա­սին, ա­նոնց նման յա­մառ եւ անն­կուն կամ­քով՝ ա­ռանց խրտչե­լու կամ յոգ­նե­լու, մեր զա­ւակ­նե­րուն գե­րեզ­ման­ներն ու դա­հիճ­նե­րը փնտռե­լու ժա­մա­նակն է:
Օս­ման ­­Քա­ւա­լա­յի նման, ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան, միա­սին ապ­րե­լու կամ­քին, Ա­նա­տո­լիա­յի մշա­կոյ­թին, ա­րո­ւես­տին ու եր­գին կեանք տա­լու ժա­մա­նակն է:
Այն մթնո­լոր­տին մէջ, ուր դա­տա­ւոր­ներն ու դա­տա­խազ­նե­րը ի­րենց գլուխ­նե­րը ա­ւա­զի մէջ խրած են եւ փաս­տա­բա­նա­կան պա­լատ­ներն ալ ո­չինչ կ­՚ը­նեն, բա­ցի երկ­չոտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ, ի­րա­ւուն­քի, օ­րէն­քի եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար 42 շա­բա­թէ ի վեր պայ­քա­րող «Ար­դա­րու­թեան հսկում»ի կանգ­նած փաս­տա­բան­նե­րուն կող­քին հսկե­լու ժա­մա­նակն է:
Ժա­մա­նակն է կող­քին կանգ­նե­լու Ահ­մէթ ­­Շը­քի եւ միւս լրագ­րող­նե­րուն, ո­րոնք բռնու­թեան դէմ չեն խո­նար­հիր:
Ժա­մա­նակն է ուժ տա­լու ­­Նու­րիէ եւ ­­Սե­մի­հի եւ «Օ­րէն­քի ու­ժով հրա­հանգ­ներ»ու բռնու­թեան ա­նոնց նման դի­մադ­րող­նե­րուն:
Այ­շէ ու­սուց­չու­հիին նման՝ «ե­րե­խա­նե­րը չմեռ­նի՛ն» ճչա­լու ժա­մա­նակն է:
Ինչ­պէ՞ս պի­տի ը­նենք,- հարց կու տաք:
Փո­ղո­ցը կեանք է, ա­զատ տա­րածք է, սոր­վի՛նք կի­նե­րէն եւ չլքենք փո­ղո­ցը:
Քա­լենք ճամ­բա­յէն ոչ թէ մար­դաս­պան­նե­րուն եւ գո­ղե­րուն, այլ ­­Հա­ճի ­­Հա­լիլ­նե­րուն, ո­րոնք ա­մէն տե­սակ վտանգ աչ­քի առ­նե­լով պաշտ­պա­նած են ի­րենց հայ դրա­ցի­նե­րը, քա­լե՛նք ­­Լի­ճէի կա­ռա­վա­րիչ ­­Հիւ­սէ­յին ­­Նե­սի­մի­նե­րուն ճամ­բա­յէն, ո­րոնք հա­յե­րու ջար­դե­րուն դէմ կանգ­նած են:
Ըլ­լա՛նք Հ­րանդ ­­Տինք, մեր միա­ցու­ցած թե­ւե­րը լայն բա­նանք եւ հսկայ աշ­խար­հը գրկենք ու մէ­ջը սի­րով լեց­նենք:
Ե­կէ՛ք ըլ­լանք Հ­րանդ ­­Տինք՝ խա­ղա­ղու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, միա­սին ապ­րե­լու մշա­կոյ­թին եւ երկ­խօ­սու­թեան ա­մե­նէն ըն­դար­ձակ ճա­կա­տը կազ­մենք:
Աշ­խար­հի ստեղ­ծու­մէն ի վեր, ար­դա­րու­թեան, ա­զա­տու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան հա­մար պայ­քա­րող­նե­րու, դժոխ­քը դրախ­տի վե­րա­ծել ցան­կա­ցող­նե­րու տոհ­մէն կու գանք:
Աս­կէ ա­ռաջ ը­րած ենք, դար­ձեա՛լ պի­տի ը­նենք:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+