Կարպիս Զաքարեան. Առաջին Արհեստավարժ Բռնցկամարտիկը Թուրքիոյ Մէջ -
Կարպիս Զաքարեան. Առաջին Արհեստավարժ Բռնցկամարտիկը Թուրքիոյ Մէջ
Արհեստավարժ բռնցքամարտի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ներկայացուցած է ազգութեամբ հայ Կարպիս Զաքարեանը: 1930-ին Պոլսոյ հայկական Շիշլի թաղամասին մէջ ծնած հայ բռնցքամարտիկը Թուրքիոյ մէջ յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» մականունով, կը գրէ «Փանարմինիըն»-ը:
Զաքարեան ստիպուած եղած է 5-րդ դասարանէն լքելու դպրոցը եւ նամակատար աշխատելու` ծնողներուն օգնելու համար:
[garbis zakarian] Հայ բռնցքամարտիկի ասպարէզը սկսած է 14 տարեկանէն: 1948 թուականին ան դարձած է Թուրքիոյ ախոյեան 48 քկ․ դասակարգին մէջ, իսկ 1951-ին` երկրի առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկը:
Իր մարզական ասպարէզի ընթացքին աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ Կարպիսը մասնակցած է 206 սիրողական եւ 50 արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցաշարքի, տօնած 226 յաղթանակ, ունեցած ընդամէնը երկու նոքաութ: 1960-ականներու վերջը միջազգային մարմնամարզութեան մէջ Թուրքիոյ փառք բերած Զաքարեանը սկսած է զբաղիլ մարզիչի գործունէութեամբ:
88-ամեայ բռնցքամարտիկը այժմ իր տիկնոջ հետ կ՛ապրի Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ: Անոր մարզական եւ անձնական կեանքի մասին պոլսահայ գրող Արամ Քուրանը եւ թուրք գրող Էրտեն Աքթողուն գիրք համահեղինակած են` Պոլսոյ Երեք խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամի աջակցութեամբ:
Bu haber ermenihaber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (ermenihaber) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(ermenihaber). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com