Թրքական Բանտին Մէջ «Անվտանգութեան Նկատառումներով» Արգիլուած է «Փոքրիկ Իշխանը» Գիրքը -
Թրքական Բանտին Մէջ «Անվտանգութեան Նկատառումներով» Արգիլուած է «Փոքրիկ Իշխանը» Գիրքը
Տիարպեքիրի փակ կարգի բանտերէն մէկուն մէջ արգիլուած են շարք մը գիրքեր, որոնք ուղարկուած էին այդ կալանավայրի մէջ բանտարկուած Մահսում Քոյունին: Այս մասին կը յայտնէ «Երկիրմեդիա»-ն՝ վկայակոչելով թրքական T24-ը:
Ուշագրաւ է, որ արգիլուած գիրքերուն մէջ են նաեւ «Ռապինսըն Քրուզօ»-ն, «Փոքրիկ իշխանը», «Ալի Պապան եւ 40 աւազակները», «Փիթըր Փենը», «Թոմ Սոյըր»-ը:
Բանտի տնօրինութիւնը գիրքերը կալանաւորուածին չտրամադրելու հիմնաւորում նշած է, թէ անոնք կրնան «սպառնալ բանտի անվտանգութեան»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com