​Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Արձագանգած է Աթէշեանի` Ճշմարտութիւնը Խեղաթիւրող Յայտարարութիւններուն - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

27 Aralık 2017  

​Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Արձագանգած է Աթէշեանի` Ճշմարտութիւնը Խեղաթիւրող Յայտարարութիւններուն -

​Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Արձագանգած է Աթէշեանի` Ճշմարտութիւնը Խեղաթիւրող Յայտարարութիւններուն ​Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Արձագանգած է Աթէշեանի` Ճշմարտութիւնը Խեղաթիւրող Յայտարարութիւններուն

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը պաշտօնական յայտարարութիւն տարածած է` կապուած վերջերս Հայաստան ժամանած եւ տեղի լրատուամիջոցներուն հետ հանդիպած Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի` պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մասին յայտարարութիւններուն հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, պատրիարքարանէն կը նշեն, որ Աթէշեան փաստօրէն ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու, գործընթացով մօտիկէն չհետաքրքրուած անձերը խաբելու իր նախաձեռնութիւնները, որու ականատեսը կ՛ըլլան Թուրքիոյ մէջ, կը շարունակէ երկրի սահմաններէն դուրս:

Անդրադառնալով Աթէշեանի այն պնդումին, թէ պետութիւնը չի ճանչնար Մարտ 15-ին եկեղեցական օրէնքով ընտրուած տեղապահը, ուստի ինք կը շարունակէ մնալ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ, պատրիարքարանէն յայտնած են, որ ան պարտաւոր է յարգել ընտրութեան արդիւնքը եւ խուսափիլ մեր եկեղեցւոյ ներքին հարցը հրապարակային կերպով եւ խեղաթիւրող արտայայտութիւններով բանավէճի նիւթ դարձնելէն:

«Համաձայն ժողովին ընդունուած որոշումին, որուն ան անձամբ կը մասնակցէր, ան պարտաւոր էր հրաժարիլ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն: Հակառակ այս որոշումին ան մերժած է հրաժարական տալ` բան մը, որ մեզի ամօթալի վիճակի մէջ դրած է: Անոր՝ նման գործելաոճը կը ստիպէ, որ Եկեղեցական համագումար ժողովը, որ զինք դրած էր այդ պաշտօնին, պաշտօնանկ հռչակէ` որ ծայրաստիճան տխրալի փաստ է: Բացի այդ, չկայ պետութեան կողմէ յայտարարութիւն մը, որ չեն ճանչնար ընտրուած տեղապահը»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Պատրիարքարանէն ընդգծած են, որ Աթէշեան շարունակ կը պնդէ Ազգային սահմանադրութիւնը` ըսելով, թէ ընտրեալ պատրիարքը պէտք է ցմահ մնայ այդ պաշտօնին: Սակայն պատրիարքարանէն յիշեցուցած են նաեւ, որ նոյն սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածով կ՛ըսուի, որ եթէ տարբեր պատճառներու բերումով հաստատուի պատրիարքի անգործունակութիւնը, ապա կարելի է նոր պատրիարքի ընտրութիւն ձեռնարկել:

Յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ պետութեան ու պատկան մարմիններուն չէ հաղորդուած 2016 թուականի Հոկտեմբեր 26-ի Եկեղեցական համագումար ժողովի ժամանակ ընդունուած որոշումը, որով Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեան հանգստեան կոչուած է եւ պատրիարքական աթոռը թափուր յայտարարուած է: «Ատիկա ընելու պարտականութիւնը Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանինն էր: Հետեւաբար, եթէ ան չէ ըրած, ատիկա անոր թերութիւնն ու յանցանքն էր»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Անդրադառնալով Աթէշեանի յայտարարութիւններուն, թէ պետութիւնը անպատասխան կը ձգէ տեղապահ Պեքճեանի դիմումները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ չի ճանչնար տեղապահը` պատրիարքարանէն ընդգծած են, որ արքեպիսկոպոսը աւելի լաւ կ’ընէր ստեղծուած վիճակէն գոհ ըլլալու փոխարէն քննադատէր պետութեան կեցուածքը: «Ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ է կարգ ու կանոնի համաձայն տեղապահի` բացարձակապէս օրինաւոր տեղապահի ընտրութիւնը, աւելին, Հայ եկեղեցւոյ, Պատրիարքական աթոռի եւ համայնքի արժանապատուութիւնն ու յարգանքի արժանի ըլլալը: Արդեօք ինքն ալ իր մէկ դիմումին պատասխանը ստանալու համար ամիսներով չէ՞ սպասած»,- կ՛ըսուի պատրիարքարանի յայտարարութեան մէջ:

Խօսելով Աթէշեանի այն յայտարարութիւններուն մասին, թէ պատրիարքի ընտրութիւնները շուտափոյթ կերպով կը կազմակերպուին Պեքճեանի հրաժարականի պարագային` պատրիարքարանէն նշած են, թէ տեղեակ չեն` այդ յայտարարութիւններուն աղբիւրը որն է: «Եթէ այս խօսքերը կ՛ըսէ` հասկցնելու, թէ պետութեան հետ մօտ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան մէջ է, պէտք է հարցնել` որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, ինչու իր պաշտօնավարութեան շրջանին ջանք չէ գործադրած պատրիարքի ընտրութիւն ընելու, որեւէ արդիւնքի հասնելու համար:

“Ինչ ալ որ ըլլայ հարկադրանքի չափն ու սահմանը` այս պարզաբանումները ընելը ցաւալի փաստ է մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին համար: Մեր ցանկութիւնն է, որ Գերշ. Տ. Արամ արքեպիսկոպոսը դադրեցնէ հակաճառումներու որոնումները, հեռու մնայ սին քաշքշուկներէն եւ ընտրէ համայնքին առաջ իր վարկը վերստին ձեռքբերելու ճանապարհը»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան եզրափակիչ հատուածին մէջ` կոչ ընելով հետաքրքրուած կողմերուն` հոգեւորականներուն, աշխարհականներուն, համայնքի անդամներուն առիթ չստեղծել նման բանավէճերու համար, նպաստեն ստեղծուած գործընթացը աւելի դիւրին ուղիով տանելու գործին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+