​Սուրբ Ծնունդի Պատգամ. Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ Շնորհքը Յայտնուեցաւ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

24 Aralık 2017  

​Սուրբ Ծնունդի Պատգամ. Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ Շնորհքը Յայտնուեցաւ -

​Սուրբ Ծնունդի Պատգամ. Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ Շնորհքը Յայտնուեցաւ ​Սուրբ Ծնունդի Պատգամ. Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ Շնորհքը Յայտնուեցաւ

Քրիստոսի գալուստը յաշխարհ իր ծնունդով` գերազանց ուրախութեան յատկանիշն է ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր:

Այս ուրախութիւնը սակայն բաղդատելի չէ մարդկային այլ ուրախութիւններուն հետ, որովհետեւ անցողակի դէպքի մը, հաճոյալի զգացողութեան մը առթած յուզումը չէ, որ պահ մը կ՛առինքնէ մեզ ու կ՛անհետանայ. պտուղն է անկրկնելի եղելութեան մը, որ Աստուծոյ ծրագիրին մէջ էր ի յաւիտենից. անկեալ, մեղապարտ մարդկութեան դատավճիռին բեկումն է, կորսուած շնորհքին վերստացումը եւ վերադարձը սկզբնական անմեղութեան, որ բերկրութեան դռները կը բանայ մարդուն առջեւ:

Այո՛, Քրիստոս, իր աստուածային բնութիւնը անեղծ պահելով հանդերձ, իր Հօր կամքով, բայց լիայօժար հաւանութեամբ, որոշեց մարդկային բնութիւնն ալ զգենուլ, եւ առանց մեղքէն արատաւորուելու` աշխարհի մեղքերը իր վրան առաւ, մարդկային բոլոր տկարութիւններուն ենթարկուեցաւ ու ցաւերը ճաշակեց: Այդ բոլորը միակ միջոցն էր` ջնջելու ահաւոր բիծը, որ այլապէս` յաւիտեանս դրոշմուած պիտի մնար դատապարտուած արարածին ճակտին վրայ:

Աստուած կրնար անտարբեր մնալ ըմբոստ մարդուն հանդէպ եւ թողուլ, որ ան կրէ ու քաւէ իր մեղքը` արժանաւոր պատիժով: Բայց Աստուած ի բնութենէ սէր է, ան սիրոյ արարքով մը ստեղծեց մարդը, «իր պատկերի՛ն համեմատ ստեղծեց զայն», կ՛ըսէ սուրբգրային պատմիչը: Իսկ սէրը, իր կարգին` անբաժանելի է գութէն, ողորմութենէն: Ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալը` «Սէրը ներող է, սէրը ոխակալ չէ, սէրը կ՛արդարացնէ ամէն բան»: Եթէ մարդուն վայել է այդ սէրը` որքա՛ն աւելի` Աստուծո՛յ:

Կրնանք աւելցնել առաքեալին խօսքերուն վրայ, թէ սէրը շնո՛րհք է: Ո՛չ ոք արժանի է սիրոյ, որովհետեւ սէրը պարգե՛ւ է, որ ձրիօրէն կը տրուի սիրուած անձին: Եթէ այդպէս չըլլար` մենք երբե՛ք պիտի չստանայինք սէրը` գերագոյն շնորհքը: Սէրը մինչեւ ծայրայեղութեան կրնայ տանիլ: Եւ իրօք, «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, այսինքն մարդկութիւնը, որ մինչեւ իսկ իր Միածինը տուաւ աշխարհին, որպէսզի ան չկորսուի, այլ ստանայ յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3, 16):

Սէր եւ Շնորհք: Անբաժանելի յատկանիշները Աստուծոյ: Մին առանց միւսին` չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այն աստիճան, որ Աստուծոյ անսահման սէրը ստիպեց զինք, որ իր Միածինը զոհէ ի սէր մարդկութեան: Եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը մարմին առաւ` տկար, դիւրաբեկ, անմեղ մանկան մը կերպարանքով, որպէսզի մատչելի դառնայ մարդուն: Ո՛րքան տարբեր` Հին կտակարանի Աստուծմէն, որ հրակէզ մորենիի մէջ կը յայտնուէր` ահ ու դող պատճառելով իր արարածին: Ո՞վ կրնար համարձակիլ մերձենալ անոր: Եւ ոչ իսկ նայուա՛ծքը կարելի էր ուղղել անոր:

Աշխարհի Փրկիչը չուզեց աշխարհին յայտնուիլ որոտումի ու փայլակներու մէջ, ինչպէս սովոր էր ընել իսրայէլացիներուն հետ: Աւետաբեր հրեշտակ մը ղրկեց` անծանօթ, համեստ աղջկայ մը, զոր ոչ ոք կը ճանչնար: Հրեշտակին առաջին խօսքը եղաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, դուն Աստուծոյ առջեւ շնո՛րհք գտար: Որդի՛ մը պիտի յղանաս, եւ զայն Յիսո՛ւս պիտի կոչես. ան իր ժողովուրդը պիտի փրկէ իր մեղքերէն»: Եւ այս պատահեցաւ, կը մեկնէ աւետարանիչը, որպէսզի իրականանայ մարգարէութիւնը. «Տէրը ըսաւ` Որդի մը պիտի ծնի կոյսէ մը, որուն անունը պիտի դրուի Էմմանուէլ, այսինքն` Աստուած մեզի՛ հետ»:

Աստուած ո՛չ միայն մեզի հե՛տ եղաւ, այլ մեզմէ մի՛ն դարձաւ: Մեր մարդկային բոլո՛ր յատկանիշները առաւ, ներառեալ տկարութիւնն ու նուաստացումը, նախատինքն ու հալածանքը, սկսեալ ծնունդէն ախոռի մը մէջ` մինչեւ մահ, եւ ամէնէ՛ն ստորնացուցիչը մահերուն, խա՛չը, որուն վրայ կը գամուէին ոճրագործները:

Եւ այդ բոլորը` մեզ փրկելու համար մեղքէն ու մահէն:

Ծնունդի աւետիսը, որ հնչեց Բեթղեհէմի մսուրին վրայ եւ ծաւալեցաւ ամբողջ տիեզերքի մէջ` արձագանգելով մեր տաճարներուն ու բնակարաններուն, պալատներուն ու խրճիթներուն մէջ, պիտի շարունակէ հնչել բոլո՛ր վայրերուն մէջ, ուր կայ մեղքով բեռնաւորուած մարդը:

Սակայն ո՞ւր է այդ խաղաղութիւնը, որ խոստացուեցաւ մսուրին վրայ, որուն կը տենչայ մարդկութիւնը, առանց վհատելու, քանի որ Աստուած ի՛նքը խոստացաւ զայն:

Խաղաղութիւնը, ինչպէս սէրը, շնո՛րհք է: Անոր նման` պարգեւ է, որ կ՛ընդունուի կամ կը մերժուի մարդոցմէ, ազատօրէն: Սակայն բոլոր մարդիկը չե՛ն բաղձար, չե՛ն հետապնդեր խաղաղութիւնը, երբ ան հակասէ իրենց շահերուն կամ ծրագիրներուն: Եւ այդպէս կը ծագին խռովութիւնները, անվերջ պատերազմներն ու անոնց հետեւող աղէտները: Այս տխուր պատկերը ցայտուն կերպով կը պարզուի մեր առջեւ` այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, աշխարհի այն մասին մէջ, ուր Հին թէ Նոր ուխտերը մարմին առած են, ուր հնչած է պատգամը սիրոյ եւ խոստումը մարդկային փրկութեան:

Քրիստոսի Ս. Ծնունդը սրտառուչ, տեւական հրաւէր է զգաստութեան, խոնարհութեան, խաղաղասիրութեան: Պատրա՛նք է տօնախմբութիւն սարքել, հրճուանք ու բերկրանք կազմակերպել, եթէ իւրաքանչիւր մարդ, մանաւանդ ան, որ Քրիստոսի հետեւորդ կ՛ուզէ հռչակել ինքզինք, չգործէ, իր համեստ միջոցներով ու պայմաններով, հասկացողութիւն, համերաշխութիւն, համագործակցութիւն ստեղծելու մարդոց միջեւ, ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ: Ասոնք են հիմնական միջոցները` իրականութեան վերածելու մսուրին վերեւ հնչող պատգամը, «Փա՛ռք Աստուծոյ բարձունքներուն մէջ` եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ` բարի կամեցողութեամբ լի մարդոց մէջ»:

Մեր միտքը կ՛երթայ այս պահուս աշխարհի չորս ծագերուն, ուր ողբալի կացութեան մատնուած են բազմաթիւ անձեր, հասարակութիւններ ու ժողովուրդներ, որոնք անձնասէր ղեկավարներու քմայքին կամ խղճէ զուրկ ոճրագործներու հալածանքին ենթարկուած են ու կ՛ապրին անստոյգ ապագայ մը դիմակալելով եւ սպասելով, որ մարդկային խիղճը արթննայ օր մը եւ բարեխնամ ձեռք մը երկարէ իրենց:

Թող այս Ս. Ծնունդը արծարծէ մեր բոլորին սրտերուն մէջ` հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ զօրութեան ու բարութեան, յոյսը` հանդէպ անոր գութին ու ողորմութեան, սէրը` փոխարէն անոր անսահման սիրոյն, եւ պարգեւէ բաղձալի խաղաղութիւնը մեր Լիբանանի, Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի սիրելի եղբայրակից ժողովուրդներուն:

Թող միշտ բարեխօս ըլլայ մեզի համար Աստուածամայրը, որ միշտ կը բաժնէ մեր յոյսերն ու իղձերը, որուն այնքան վստահութեամբ կը դիմէին մեր հայերը` երգելով.

Մա՛յր սուրբ սքանչելի լուսոյն,
որ ցնծութիւն աշխարհի ծնար զբանն Աստուած,
աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի Քէն զՄարմնացեալն զի լռեսցեն պատերազմունք,
դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց,
տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի.
աղաչե՛մք, Մա՛յր սուրբ, բարեխօսեա՛:

Քրիստոսի Ս. Ծնունդը թող նոր լոյս ու շնորհք պարգեւէ մեր ազգին բոլոր զաւակներուն ու խաղաղութիւն հաստատէ համայն աշխարհի վրայ:

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+