​Պատիւ Կը Զգամ, Որ Էրտողանի Եղբայրն Եմ. Արամ Աթէշեան - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

24 Aralık 2017  

​Պատիւ Կը Զգամ, Որ Էրտողանի Եղբայրն Եմ. Արամ Աթէշեան -

​Պատիւ Կը Զգամ, Որ Էրտողանի Եղբայրն Եմ. Արամ Աթէշեան ​Պատիւ Կը Զգամ, Որ Էրտողանի Եղբայրն Եմ. Արամ Աթէշեան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի առաջնորդական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին: «Ես փոխանորդ եմ եւ թուղթ ունիմ կառավարութեան կողմէ»,- ըստ araratnews.am-ի՝ ըսած է Աթէշեան:

Ան անդրադարձած է իր հասցէին ուղղուած մեղադրանքներուն: «Այս ութ տարուան մէջ ոչ ոք գրեց իմ յաջողութիւններուն մասին: Միայն կ՛ըսեն` Աթէշեանը էրտողանի եղբայրն է: Պատիւ կը զգամ ատոր համար: Եթէ ես երկրի նախագահին, վարչապետին հետ լաւ եմ, իմ համայնքին համար է, որ լաւ եմ անոնց հետ»,- ըսած է սրբազանը:

Արամ Աթէշեան թուարկած է, թէ ինչեր ըրած է պոլսահայութեան համար. «Քանի մը եկեղեցիներ քանդուած եղած են, վերանորոգել տուած եմ, հայկական համայնքին մէջ երեխաներու կրթութեան հարցը լուծած եմ: Ինծի կ՛ընդառաջեն թրքական իշխանութիւնները»:

Եթէ համայնքին ծառայած է Աթէշեանը, ինչո՞ւ ատիկա չգնահատուեցաւ համայնքին կողմէ հարցումին Աթէշեան համաձայն չգտնուեցաւ: «Բոլորը գնահատեցին, բայց որոշ հոգեւորականներ չգնահատեցին իմ աշխատանքը»:

Աթէշեանի խօսքով` այսօր պոլսահայ համայնքը երեք թեւի բաժանուած է` Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի` պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի տեղապահի, Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի եւ Աթէշեանի կողմնակիցներու:

Ի վերջոյ, ե՞րբ պիտի ըլլայ պատրիարքի նոր ընտրութիւններ, եւ պիտի հանդարտուի՞ այս իրավիճակը` Աթէշեանը դժուարացաւ պատասխանել: «Պէտք է հնազանդ ըլլալ պետութեան, այս պարագային` Թուրքիոյ կառավարութեան: Թուրքիոյ իշխանութիւնը կ՛ըսէ` չէք կրնար առանց իմ համաձայնութեան փոխանորդ ընտրել: Պեքճեան պէտք է հեռանայ: Նոր ընտրութիւններ պէտք է ըլլան, եւ ընտրուի նոր փոխանորդ»,- ըսաւ Աթէշեան:

Հարցումին, թէ կ՛ուզէ՞ պատրիարք ըլլալ, Արամ Աթէշեան յստակ չպատասխանեց:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+