​Միլիոններ կը Գողնան, Անպատիժ կը Մնան. Շարլ Ազնաւուր Քննադատած է Հայաստանի Իշխանութիւնները - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

18 Aralık 2017  

​Միլիոններ կը Գողնան, Անպատիժ կը Մնան. Շարլ Ազնաւուր Քննադատած է Հայաստանի Իշխանութիւնները -

​Միլիոններ կը Գողնան, Անպատիժ կը Մնան. Շարլ Ազնաւուր Քննադատած է Հայաստանի Իշխանութիւնները ​Միլիոններ կը Գողնան, Անպատիժ կը Մնան. Շարլ Ազնաւուր Քննադատած է Հայաստանի Իշխանութիւնները

Երբ մէկը երկու հաւկիթ կը գողնայ, կը բանտարկեն զինք, մինչդեռ այն մարդիկ, որոնք միլիոններ կը գողնան, կը մնան անպատիժ: Այս մասին, ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի, նշած է ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուորը՝ ֆրանսական Nouvelles d’Armenie պարբերականի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Ազնաւուր անընդունելի համարած է նման վիճակը։

«Պէտք է գիտակցինք, որ ունինք գեղեցիկ երկիր մը, որ պէտք է զարգացնել, այլապէս անիկա օր մը կրնայ անհետանալ այնպէս, ինչպէս որոշ հին քաղաքակրթութիւններ: Իսկ ատոր պատասխանատւութիւնը պիտի կրեն Հայաստանի ղեկավարները»,- ըսած է Ազնաւուրը:

Աշխարհահռչակ երգիչին խօսքով, ինքն այս թեմային շուրջ խօսած է Հայաստանի ղեկավարներուն հետ․ «Ես անոնց չեմ խնայեր: Կ՝ըսեմ այն, ինչ որ կը մտածեմ»:

Ազնաւուր նշած է, որ իր գործունէութեամբ կը ջանայ այնպէս ընել, որ Հայաստանը ունենայ շատ բարեկամներ․- «Ես կոչ կ՝ընեմ մարդոց ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ, նուիրուելու Հայաստանին»:

Ըստ անոր Հայաստանը այժմ շատ վատ ուղիի վրայ չէ, առաջ կ՝երթայ, որոշ բաներ լաւ են, գլխաւոր խոչընդոտը` կոմունիստական հասարակարգի ձգած դրոշմն է, որմէ ամբողջապէս ազատուելու համար դեռ քիչ մը ճանապարհ պէտք է անցնիլ:

Ան անդրադարձած է նաեւ «Շարլ Ազնաւուր» հիմնադրամին, որ կը փոխարինէ 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք ստեղծուած «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» միութիւնը: Ազնաւուր նշած է, որ հիմնադրամը կը շարունակէ նախորդին մարդասիրական գործունէութիւնը` տուն ու տանիքէ զուրկ մարդոց օգնելու համար, բայց նաեւ մշակութային գործունէութիւն պիտի ծաւալէ:

Երգիչը նաեւ անդրադարձած է Ֆրանսայի նախկին եւ ներկայ նախագահներուն` Ֆրանսուա Օլանտին եւ Էմանուէլ Մաքրոնին:

«Պէտք է դեռ ձգել, որ ան աշխատի, պէտք է վստահութիւն ցուցաբերել անոր հանդէպ»,- ըսած է Ազնաւուրը` աւելցնելով, որ ինքը մտադիր է Հայաստան հրաւիրել Մաքրոնը,- «Հրաւէր մը, որ պէտք է նախապատրաստել այնպէս, որ ան օգտակար հանդիսանայ Հայաստանի համար»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+