​Արամ Ա. Կը Մերժէ Երուսաղէմը Իսլայէլի Մայրաքաղաք Նկատելու Միացեալ Նահանգներու Նախագահին Յայտարարութի - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

08 Aralık 2017  

​Արամ Ա. Կը Մերժէ Երուսաղէմը Իսլայէլի Մայրաքաղաք Նկատելու Միացեալ Նահանգներու Նախագահին Յայտարարութի -

​Արամ Ա. Կը Մերժէ Երուսաղէմը Իսլայէլի Մայրաքաղաք Նկատելու Միացեալ Նահանգներու Նախագահին Յայտարարութի ​Արամ Ա. Կը Մերժէ Երուսաղէմը Իսլայէլի Մայրաքաղաք Նկատելու Միացեալ Նահանգներու Նախագահին Յայտարարութիւնը

7 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. Վեհափառը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին, Նախագահին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ներկայացնող պատուիրակութեան առջեւ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան, մերժեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը, որ չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքի արդարութեան ու պատմական իրողութեան։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Երուսաղէմը պէտք է մնայ բաց քաղաք միաստուածեան երեք կրօններուն առջեւ՝ հրէական, քրիստոնէական ու իսլամական, եւ յիշեալ կրօններուն իրաւունքները պէտք է միշտ պաշտպանուած ըլլան Երուսաղէմի մէջ։

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Զօր. Միշել Աուն իր կարգին շեշտեց Լիբանանի կեցուածքը Երուսաղէմի գծով՝ նոյնպէս մերժելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը։

Նորին Սրբութեան գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազանները եւ պատուիրակութեանց ներկայացուցիչները։

Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ մեր եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրին ու ժողովրդանուէր ծառայութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մեր գաղութներուն դերակատարութեան։ Իր կարգին, Նախագահը շեշտեց հայկական Սփիւռքին կարեւորութիւնը եւ հայերէն լեզուն, հայկական արժէքներն ու մշակոյթը պահպանելու անհրաժեշտութիւն. նախագահը յատկապէս յիշեց Օսմանեան կայսրութիւնը կատարած ցեղասպանութիւնը, որուն զոկ գացին հայ ու լիբանանցի ժողովուրդները՝ մէկը եաթաղանով, իսկ միւսը՝ սովի արհաւիրքով։

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը առանձին հանդիպում ունեցաւ Նախագահին հետ, ներկայութեամբ պետական երեսփոխաններ տիար Յակոբ Բագրատունիի եւ տիար Արթիւր Նազարեանի։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող քաղաքական հարցեր։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+