Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած` iOS եւ Android գործիքներուն համար հայերէնով մանկական դաստիարակչական խաղերու ծրագիրները մեծ ընդունելութեան արժանացած են մանուկներուն կողմէ: Կիրառական (էփլիքէյշըն) ձեւաւորումով այդ խաղերը 3 տարեկան եւ վեր մանուկներուն հաճելի եւ դիւրին եղանակով կը սորվեցնեն արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն:
Հրապարակուած առաջին խաղը` «Գոյներու աշխարհ»-ը, արդէն ունի 16.000 ներբեռնում (downloads), ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ լայն տարածում գտած է մանուկներուն մօտ: Լալան ու Արան դարձած են մանուկներու առօրեայ խաղընկերները: Առաջին խաղին մեծ յաջողութենէն ետք հրապարակուած է «Ձեւերու աշխարհ» խաղը, որ ներկայիս վճարովի է:
Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին լիագումար ժողովին որոշեց այս խաղերը անվճար դարձնել, որպէսզի բոլոր հայ մանուկները կարենան օգտուիլ անոնցմէ: Առ այդ, կը դիմենք հայ հանրութեան նիւթական օժանդակութեան. դրամահաւաքի թիրախն է 14.000 ամ. տոլար:
Խաղերու մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել հետեւեալ կայքին`
www.lalanouaran.com-ի վրայ, իսկ ձեր նուիրատուութիւնները կ՛ընդունինք առցանց`
https://goo.gl/DNKRjf
Վստահ ենք, որ անդրադառնալով այս գործին կարեւորութեան, ձեր շօշափելի մասնակցութիւնը պիտի բերէք Համազգայինի արդիական նախաձեռնութեան: Ձեր նուիրատուութիւնները կարեւոր ներդրում մը պիտի հանդիսանան հայ մանուկներու հայկական ինքնութեան կերտումի գործին մէջ: