Փայլանի Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Մասին Նոր Պահանջ Չկայ -
Փայլանի Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Մասին Նոր Պահանջ Չկայ
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը խլելու մասին նոր պահանջ չկայ Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութենէն. այս մասին տեղեկացուց երեսփոխանին մամլոյ բանբեր Թամար Նալճը` հերքելով մամուլին մէջ տարածուած լուրերը:
Աւելի կանուխ, թրքական «Թ-24» կայքը գրած էր, որ դատախազութիւնը խորհրդարանի 2 ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն շարք մը երեսփոխաններու վերաբերեալ անձեռնմխելիութիւն խլելու 121 դիմում յղած է արդարադատութեան նախարարութեան եւ խորհրդարանի ղեկավարութեան:
Նալճը յայտնեց, որ այս դիմումներուն մէջ Փայլանի անունը չկայ. թէեւ նախապէս Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը խլելու մասին երեք տարբեր պահանջ ներկայացուած էր, սակայն անոնք տակաւին չեն հաստատուած:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com