​Հրանդ Տինքի Հիմնադրամը Հրապարակած է Թրքական Մամուլին Մէջ Ատելութեան Դրսեւորման Մասին Նոր Զեկոյցը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

14 Kasım 2017  

​Հրանդ Տինքի Հիմնադրամը Հրապարակած է Թրքական Մամուլին Մէջ Ատելութեան Դրսեւորման Մասին Նոր Զեկոյցը -

​Հրանդ Տինքի Հիմնադրամը Հրապարակած է Թրքական Մամուլին Մէջ Ատելութեան Դրսեւորման Մասին Նոր Զեկոյցը ​Հրանդ Տինքի Հիմնադրամը Հրապարակած է Թրքական Մամուլին Մէջ Ատելութեան Դրսեւորման Մասին Նոր Զեկոյցը

Պոլսոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը հրապարակած է թրքական մամուլին մէջ ատելութեան դրսեւորումներու մասին իր նոր զեկոյցը: Ինչպէս կը հաղորդէ demokrathaber.org կայքը, ըստ հիմնադրամի դիտարկումներուն` վերջին ամիսներուն ազգայնական մամուլին մէջ ամէնէն շատ յայտնուած են հրէաներն ու սուրիացի ներգաղթեալները, կը հաղորդէ «Թերթ․am»-ը:

Զեկոյցը կը փաստէ, որ 2017-ի Մայիսէն մինչեւ Օգոստոս ժամանակահատուածին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած է էթնիկ եւ կրօնական խումբերու դէմ ատելութեան դրսեւորում պարունակող 1 910 լուր եւ յօդուած, որոնց մէջ առկայ եղած է ընդհանուր առմամբ ցեղապաշտական ու ազգայնական բնոյթի 2 466 արտայայտութիւն:

Տինքի հիմնադրամի` Մամուլի ատելութեան դրսեւորումներու մասին նախագիծի աշխատանքային խումբի` Ֆունտա Թեքինի, Փընար Էնսարիի, Մերւէ Նեպիօղլուի եւ Էզկի Քանի կողմէ պատրաստուած 146 էջնոց զեկոյցին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի այն փաստին վրայ, որ նման վիճակագրական պատկերի վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են այս ընթացքին տեղի ունեցած Կիպրոսի ժնեւեան համաժողովը, թուրք-յունական ծովային ճգնաժամերը, Պարսից ծոցի երկիրներու կողմէ Քաթարի շրջափակումը, Պաղեստինի մէջ եղած բախումները, Սրեպրենիցայի կոտորածին` Հոլանտայի իշխանութիւններուն մասամբ պատասխանատու ըլլալու մասին որոշումը, Ռոհինճա մահմետականներու դէմ յարձակումները եւ Օգոստոս 29-ին Թուրքիոյ մէջ նշուող Տումլուփընարի ճակատամարտին ունեցած յաղթանակի 95-ամեակը:

Ընդհանուր առմամբ այս ամիսներու ընթացքին մամուլի մէջ հանդիպած են հրէաները թիրախաւորող 493 հրապարակումի, 472 հրապարակման մէջ հեղինակները ատելութեան դրսեւորումներ ցուցաբերած են սուրիացի ներգաղթեալներու նկատմամբ, 256 յօդուած կամ լուր բացասական շեշտադրումով անդրադարձած է Յունաստանցի յոյներուն, հայերը թիրախաւորած են 247 հրապարակման մէջ, եւս 212 յօդուած կամ լուր ատելութեամբ խօսած է Թուրքիոյ յոյներուն մասին:

Ամէնէն շատ ատելութեան դրսեւորումները հանդիպած են թրքական «Ենի Աքըթ», «Միլլի կազեթէ», «Ենի մեսաժ», «Ենի Քոնիա», «Իսթիքլալ» եւ «Պուրսա սանճաք» պարբերականներուն մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+