«Մառլենքա»Ի Յամառ Պայքարը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

05 Kasım 2017  

«Մառլենքա»Ի Յամառ Պայքարը -

«Մառլենքա»Ի Յամառ Պայքարը «Մառլենքա»Ի Յամառ Պայքարը

Փրակի մեր պաշտօնակից «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան կը տեղեկացնէ մեզի.-

«Մառլենքա ինթերնէյշընըլ» չեխական ընկերութիւնը վերջերս իրաւական գետնի վրայ ուշագրաւ յաջողութիւն մը արձանագրեց Թուրքիոյ շուկայի պարագային։ Այս ընկերութեան սեփականատէրը հայազգի Գէորգ Աւետիսեանն է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ համբաւ ձեռք բերած է իր արտադրած «Մառլենքա» անուշեղէններով։ Հարցը այն է, որ «Մառլենքա» ընկերութիւնը մէկ տարուայ բանակցութիւններէ ետք կրցաւ պաշտպանել իր իրաւունքները թուրք-գերմանական «Տքթ. Էօթքէր» ընկերութեան Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան դէմ, որ թրքական շուկայէն ներս կը վաճառէր «Մառլենքա» խմորեղէնի պատրաստութեան փոշին՝ նոյն անունով ու տեսքով։

Ընկերութեան սեփականատէր Գէորգ Աւետիսեան «Օրեր» պարբերականին հարցազրոյց մը տալով՝ կը գրէ, թէ տակաւին 2016 թուականի վերջաւորութեան, Թուրքիոյ իրենց առեւտրական գործընկերները ահազանգ հնչեցուցած էին այն մասին, թէ մեծ հանրախանութներու ու վաճառատուներու մէջ, յայտնուած է «Մառլենքա» խմորեղէններու ու թխուածեղէնի պատրաստութեան փոշին՝ «Տքթ. Էօթքէր» ապրանքանիշով։ Աւելի՛ն, նոյնիսկ համացանցով ու հեռատեսիլէն ալ «Մառլենքա»ի պատրաստութեան եղանակներու տեսահոլովակները սփռը-ւած են։

Ընկերութիւնը իր իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով, նախեւառաջ ներկայացուց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, պահանջեց, որ շուկայէն հան-ւին «Մառլենքա» անունով թխուածեղէնի փոշիի բոլոր տուփերը, բայց «Տքթ. Էօթքէր» ընկերութեան Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան հետ միայն հինգ ամիս յետոյ կարելի եղաւ վերջնական համաձայնութիւն գոյացնել ու շուկայէն հաւաքել տալ կեղծ «Մառլենքա»ի տուփերը։

Ի դէպ, Գէորգ Աւետիսեան նշեց, որ ասիկա «Մառլենքա»ն կեղծելու առաջին դէպքը չէ։ Տարիներ առաջ ընկերութիւնը յեղթեց չեխական այլ ընկերութեան մը, որ անունի չնչին տարբերութեամբ «Մառլենքա» կարկանդակներ կ՚արտադրէր, իսկ Չինաստանի մէջ երեք տարի առաջ յաղթեց ընկերութեան մը, որ նոյն անունով թխուածեղէնը ո՛չ միայն կ՚արտադրէր, այլ նաեւ կը փորձէր խոչընդոտ հանդիսանալ «Մառլենքա»ի մուտքին՝ չինական շուկայէն ներս։
Ըստ «Օրեր» պարբերականին, այս պատմութեան մէջ հետաքրքրականը այն է, որ «Տքթ. Էօթքէր» համաշխարհային ընկերութիւնը, որու կեդրոնատեղին գերմանական Պիելֆելտն է եւ որ ունի մօտաւորապէս 400 ընկերութիւն ու 30 հազար աշխատակից, այսպիսի կեղծիքի ու զեղծարարութիւններու կը դիմէ։ Այժմ «Տքթ. Էօթքէր»ի թրքական մասնաճիւղը պարտաւորուած է ո՛չ միայն հանել ամէն տեսակի «Մառլենքա» անունով փոշիի տուփերը, այլ ապագային ալ թոյլ չտալ այդպիսի արտադրութիւն մը։

Յիշեցնենք, որ «Մառլենքա» ընկերութիւնը հիմնուած է 2003 թուականին, չեխական Ֆրիտէք-Միսթէք քաղաքին մէջ, հայ գործարար Գէորգ Աւետիսեանի կողմէ։ Տասնչորս տարիներու ընթացքին ընկերութիւնը դարձած է Եւրոպայի ամենախոշոր մեղրով թխուածքի արտադրիչը։ Տարեկան կ՚արտադրուի մօտաւորապէս 2 միլիոն խմորեղէն, արձանագրելով 20 տոկոս շահ։ Իսկ ընդհանուր տեսականիի արտադրութեան քանակութիւնը կ՚անցնի 7 միլիոնի սահմանը ու կը տարածուի աշխարհի 44 երկիրներու մէջ։ «Մառլենքա» կը նկատուի Չեխիոյ լաւագոյն ընկերութիւններէն մէկը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+