Չեխիոյ Նախագահը Այցելած է Հայ Գործարարին Հիմնած Հանրայայտ Գործարանը -
Չեխիոյ Նախագահը Այցելած է Հայ Գործարարին Հիմնած Հանրայայտ Գործարանը
Սեպտեմբեր 22-ին Մորաւասլեզլեան տարածաշրջան կատարած այցի ծիրէն ներս Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման այցելած է նաեւ «Մարլենքա» գործարան եւ ծանօթացած յայտնի գործարար Գէորգ Աւետիսեանի հիմնադրած թխուածքի արտադրութեան: Չեխիոյ նախագահը ոչ միայն շրջած է գործարանին մէջ, ծանօթացած արտադրական գործընթացին, այլեւ՝ հանդիպած աշխատակիցներուն, զրուցած եւ ծանօթացած անոնց աշխատանքային պայմաններուն, կը հաղորդէ «Օրեր»-ը:
Սուրճի սեղանի շուրջ նախագահ Զեման զրուցած է նաեւ Գէորգ Աւետիսեանի հետ, իր հիացմունքը յայտնած հայկական թխուածքով, հետաքրքրուած «Մարլենքայի» տարածման աշխարհագրութեամբ: Գէորգ Աւետիսեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին ոչ միայն այցելութեան համար, այլեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անոր կատարած հայանպաստ յայտարարութեան համար: Նախագահի այցելութիւնը տեւած է 1.5 ժամ: Նախագահին ներկայութեամբ «Մարլենքա Ինթերնեշընլ» ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեան եւ Մորաւասլեզեան երկրամասի նահանգապետ Միրոսլաւ Նովակը ստորագրած են համագործակցութեան հռչակագիր: Հաշուի առնելով , որ ընկերութեան այցելութիւններու շրջանին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն դպրոցականները, «Մարլենքա» ընկերութիւնը անակնկալ նուէր մատուցած է նաեւ երկրամասի կրթական կեդրոնին:
Իսկ երեկոյեան, Օստրաւայի մէջ Մորաւասլեզեան տարածաշրջանի գործարարներու հետ ընթրիքի ընթացքին նախագահը յատուկ յիշատակած է Մարլենքայի արտադրութիւնը, ընդգծելով, որ այն լաւագոյնս կը ներկայացնէ ոչ միայն մարզը, այլեւ ողջ Չեխիան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com