Տինքի Սպանութեան Մէջ Մեղադրուող Ոստիկանապետը Այլ Գործով 16 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտուած է -
Տինքի Սպանութեան Մէջ Մեղադրուող Ոստիկանապետը Այլ Գործով 16 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտուած է
Թրքական դատարանը կիւլենականներու դէմ հերթական դատական գործի ծիրէն ներս 16 տարուան ազատազրկման դատապարտած է Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը:
Թրքական Sozcu–ի փոխանցմամբ` դատարանը Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը մեղաւոր ճանչցած է «զինուած ահաբեկչական խումբի անդամ ըլլալու» եւ «կեղծիքներ իրականացնելու» յօդուածներով` ընդհանուր 16 տարի ազատազրկման դատապարտելով, կը յայտնէ News.am-ը:
Նշենք, որ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին մէջ, երբ Թուրքիոյ մէջ սկսաւ կիւլենականներու դէմ պայքարը:
Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը Ֆեթուլլահ Կիւլենի հաւատարիմ անձերէն համարուած է:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com