Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլ 24–ին Սպաննուած Հայ Զինուորին Գործը Պիտի Քննուի Քաղաքացիական Դատարանին Մէջ - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

05 Kasım 2017  

Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլ 24–ին Սպաննուած Հայ Զինուորին Գործը Պիտի Քննուի Քաղաքացիական Դատարանին Մէջ -

Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլ 24–ին Սպաննուած Հայ Զինուորին Գործը Պիտի Քննուի Քաղաքացիական Դատարանին Մէջ Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլ 24–ին Սպաննուած Հայ Զինուորին Գործը Պիտի Քննուի Քաղաքացիական Դատարանին Մէջ

Թուրքիոյ մէջ զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծառայակիցին կողմէ սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքչըի գործը սպանութենէն 6 տարի անց նորէն պիտի քննուի, սակայն արդէն քաղաքացիական դատարանին մէջ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»–ը, Սեւակ Շհին Պալըքչըի գործով դատական առաջին նիստը քաղաքացիական դատարանին մէջ պիտի քննուի 2018–ի Փետրուար 8–ին:

Նշենք, որ 2011-ի Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Սեւակը սպաննուած է մէկ այլ զինծառայող` Քւանչ Աղաօղլուի կողմէ: Սպանութեան հետ կապուած ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ անիկա տեղի ունեցած է ծառայակից ընկերոջ հետ կատակ ընելու ժամանակ, իբր, պատահաբար արձակուած կրակոցէ մը: Սեւակին ծնողները կը պնդեն, որ իրենց որդին սպաննած են ազգայնականութեան հողի վրայ` հայ ըլլալուն համար:

Սեւակ Շահին Պալըքչըի սպանութեան գործով դատարանը 4,5 տարուան ազատազրկման դատապարտած է Սեւակին զինծառայակից Քւանչ Աղաօղլուն` անփութութեան հետեւանքով մարդ սպաննելուն համար:

Սակայն զինուորական վճռաբեկ դատարանը բեկանած էր վճիռը ու որոշած գործը զերոյէն վերանայիլ: Բայց 2016–ի Յուլիս 15–ի յեղաշրջման փորձէն ետք յատուկ որոշումով Թուրքիոյ մէջ վերացուած են ռազմական դատարանները: Այս որոշումէն ետք յայտնի դարձած է, որ Տիարպեքիրի ռազմական դատարանին մէջ ընթացող Սեւակ Շահին Պալըքչըի սպանութեան գործը պիտի տեղափոխուի Քոզլուքի քաղաքացիական դատարան:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+