Թուրքիան Կը Դառնայ Միանման Պեխաւորներու Պետութիւն․ Փայլան Ծաղրած է Էրտողանի Յորդորով Պեխ Պահողները -
Թուրքիան Կը Դառնայ Միանման Պեխաւորներու Պետութիւն․ Փայլան Ծաղրած է Էրտողանի Յորդորով Պեխ Պահողները
Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ ամավարկի քննարկումներու ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկած է խորհրդարանի նախագահը եւ անդրադարձած Էրտողանի օրինակով պեխ պահողներուն:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ թրքական Gazeteduvar կայքը կը փոխանցէ, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանը մեղադրած է բացառապէս կուսակցական շահերով առաջնորդուելու, ոչ թէ խորհրդարանի բոլոր պատգամաւորներու նախագահի պարտականութիւնը իրականացնելու համար: Կարօ Փայլան ուշադրութեան հրաւիրած է, որ պիւտճէի յանձնաժողովի բոլոր անդամները տղամարդիկ են:
«Ձեր ըսած պետութիւնը տղամարոց պետութիւն դարձած է: Վերջին երկու տարուան մէջ նոր զարգացում կը տեսնեմ: Պետութիւնը կը դառնայ միանման պեխ պահողներու պետութիւն: Կարծես թէ իշխանաւորներն ու պատգամաւորները պարտաւորուածութիւն կը զգան պեխ պահելու: Եթէ երկու տարի առաջ խորհրդարանին մէջ պեխ ունեցողներուն թիւը 5-էն 10 տոկոս էր, ապա այժմն այդ թիւը կ՛անցնի 90 տոկոսը»,-ըսած է Փայլան:
Նշենք, որ աւելի առաջ յայտնի դարձած էր, որ Էրտողան իր կուսակիցներուն ակնարկած էր պեխ պահելու, որմէ ետք իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներն ու պաշտօնեաները սկսած են պեխ պահելու:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com