30 Հոկտեմբեր 1920. Կարսի անկումը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

31 Ekim 2017  

30 Հոկտեմբեր 1920. Կարսի անկումը -

30 Հոկտեմբեր 1920. Կարսի անկումը 30 Հոկտեմբեր 1920. Կարսի անկումը

30 Հոկտեմբեր 1920. Դասալքութեան չարիքը եւ Կարսի անկումին ազգային ողբերգութիւնը.

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ կան ոչ միայն ինք­նա­ճա­նաչ­ման եւ հպար­տու­թեան, եր­կուն­քի եւ խո­յան­քի ո­գեշն­չող պա­հեր, այլ կան նաեւ փոր­ձու­թեան ու յու­սա­բե­կու­մի, մեղ­կու­թեան եւ ան­կու­մի ող­բեր­գա­կան վայր­կեան­ներ, ո­րոնք կեան­քի եւ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը շեշ­տեն ի­րենց բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ այ­դօ­րի­նակ դառ­նու­թեան էջ մը կը բա­ցո­ւի Հոկ­տեմ­բեր 30ին…

97 տա­րի ա­ռաջ, ­Հոկ­տեմ­բե­րի նա­խա­վեր­ջին օ­րը, հա­զիւ եր­կու­քու­կէս տա­րե­կան ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­րեւմ­տեան դար­պաս­նե­րէն ­Կարս բեր­դա­քա­ղա­քը, գրե­թէ ա­ռանց դի­մադ­րու­թեան, անձ­նա­տուր ե­ղաւ ­Հա­յաս­տան ար­շա­ւող թրքա­կան թշնա­մի զօր­քին.-

Կար­սը «անձ­նա­տուր» ին­կաւ ­Թուր­քիոյ քե­մա­լա­կան զօր­քե­րու գրո­հին տակ։
Կար­սի մէջ ամ­րա­կա­յո­ւած հա­յոց ազգա­յին բա­նա­կին զօ­րա­յին­նե­րը դա­սալ­քու­թեան դի­մե­ցին։ Չեն­թար­կո­ւե­ցան թշնա­մի գրո­հին դէմ անձ­նո­ւի­րա­բար հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու ի­րենց հրա­մա­նա­տա­րի հրա­հան­գին։

Ի տես իր զի­նո­ւոր­նե­րու դա­սալ­քու­թեան, ե­րի­տա­սարդ հրա­մա­նա­տա­րը՝ գնդա­պետ Մազ­մա­նեան ինք­նաս­պա­նու­թեամբ վերջ տո­ւաւ խոր­տա­կո­ւած իր կեան­քին…
Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը այ­սօր ալ կը դի­մագ­րա­ւէ մար­տահ­րա­ւէ­րը՝ վճռա­հա­տե­լու տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կո­ւող բուռն եւ դա­ժան բա­նա­վէ­ճը՝ ­Կար­սի անկ­ման պատ­ճառ­նե­րու պար­զա­բան­ման ու ախ­տո­րոշ­ման շուրջ։

Ազ­գա­յին մեր մար­տու­նա­կու­թիւնն ու դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը կրծող եւ մա­շեց­նող այդ բա­նա­վէ­ճը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան եօ­թը տաս­նա­մեակ­նե­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը դա­տա­պար­տե­լով ներ­քին, բուռն եւ մշտա­բոր­բոք բա­նա­վէ­ճե­րու քաշք­շու­քին։

Բա­նա­վէ­ճի մէկ բե­ւե­ռին կանգ­նե­ցաւ ճամ­բա­րը այն պատ­մա­բան­նե­րուն, տե­սա­բան­նե­րուն եւ յու­շագ­րող­նե­րուն, ո­րոնք մեր­ժե­լով մեր­ժե­ցին եւ ան­հաշտ թշնա­միի դիրք ճշդե­ցին 28 ­Մա­յիս 1918ին կեր­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մին դէմ՝ գա­ղա­փա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան թէ կու­սակ­ցա­կան վար­քա­գի­ծի վե­րա­ծե­լով հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կա­նու­թիւ­նը, առ այդ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մեր­ժե­լով ըն­դու­նիլ, թէ ­Կար­սի ան­կու­մին բուն պատ­ճա­ռը ­Լե­նին-­Քե­մալ դա­ւա­դիր գոր­ծարքն էր։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ճամ­բա­րի դրօ­շա­կիր­նե­րը ա­մէն աղ­բիւ­րէ ջուր բե­րին տաս­նա­մեակ­նե­րով, նոյ­նիսկ պղտոր եւ ազ­գա­յին մեր միա­բա­նու­թիւ­նը թու­նա­ւո­րող կեղ­տա­ջու­րեր օգ­տա­գոր­ծե­ցին, որ­պէս­զի իբր թէ փաս­տեն, թէ ­Կար­սի մեծ ող­բեր­գու­թեան բուն պա­տաս­խա­նա­տուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­տե­նի դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւնն էր, որ չու­զեց հասկնալ ­Քե­մալ-­Լե­նին զի­նակ­ցու­թեան իբր թէ «փրկա­րար» նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի «անվ­տան­գու­թեան» հա­մար…։

Իսկ բա­նա­վէ­ճի միւս բե­ւե­ռին կանգ­նե­ցաւ ճա­կա­տը նոյն­պէս պատ­մա­բան, տե­սա­բան եւ յու­շագ­րող այն հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղա­կի դաշ­նակ­ցա­կան­ներ ըլ­լա­յին թէ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­կիր­ներ կամ պար­զա­պէս սրտցաւ հա­յեր, ­Կար­սի ան­կու­մին մէջ տե­սան մեր ազ­գա­յին մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ ա­րա­գա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մը։

Ա­ւե­լի՛ն. դաշ­նակ­ցա­կա­նա­միտ այս ճա­կա­տի դրօ­շա­կիր­նե­րը ի­րենց ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւ­նը սե­պե­ցին տե­ւա­բար ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լու հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն, թէ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի պէտք չէ կրկնո­ւի ­Կար­սի անկ­ման ող­բեր­գու­թեամբ պար­զո­ւած ազ­գա­յին դա­սալ­քու­թեան ե­րե­ւոյ­թը, որ­պէս­զի կա­րե­նանք ազ­գո­վի՛ն եւ ըստ ար­ժան­ւոյն դի­մագ­րա­ւել, կան­խել կամ վի­ժեց­նել ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան դէմ նիւ­թո­ւած մե­ծա­պե­տա­կան կամ թշնա­մա­կան ո­րե­ւէ դա­ւադ­րու­թիւն։
Առ այդ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք, ժա­մա­նակն է բարձ­րա­ձայն եւ ա­ներկ­բայ հաս­տա­տե­լու, թէ նախ՝ ­Կար­սի ան­կու­մին բուն պատ­ճա­ռը ­Լե­նին-­Քե­մալ դա­ւա­դիր գոր­ծարքն էր։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը խոր­տա­կե­լու ռու­սեւթր­քա­կան մեծ դա­ւադ­րու­թեան մէջք-կոտ­րող հա­րո­ւա­ծը ե­ղաւ ­Կար­սի դա­սալ­քու­թիւ­նը, որ ա­րա­գա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մը։

Ար­տա­քին ու­ժե­րու դա­ւա­դիր հա­րո­ւա­ծին չափ ա­հա­ւոր ե­ղաւ ­Կար­սի մէջ 97 տա­րի ա­ռաջ ար­ձա­նագ­րո­ւած հա­յոց զօր­քի դա­սալ­քու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու ենք ազ­գո­վին։

Ինչ­պէս որ ­Կար­սի ան­կու­մէն տա­րի­ներ ետք ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ ար­դա­րա­ցի ցա­սու­մով պի­տի պատ­գա­մէր հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն՝,

«­Կար­սի ա­մօ­թը Հ. ­Հան­րա­պե­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեա­նը չէ միայն, այլ ողջ հայ ժո­ղովր­դին: Չափ­ւում են, բախ­ւում են բա­նակ­նե­րը, բայց յաղ­թում կամ պարտ­ւում են ազ­գե­րը, ցե­ղե­րը: Կար­սի պա­տե­րի տակ պար­տո­ւո­ղը հայ զի­նո­ւորն ու զօ­րա­վա­րը չէին միայն, այլ բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը, հայ ժո­ղովր­դի` իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ ան­մար­տու­նակ, ա­նա­րի, անմ­շակ հո­գին: Ա­հա՛ ճշմար­տու­թիւ­նը, հա՛յ ե­րի­տա­սարդ…»

Այս ա­ռում­նե­րով՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 30ի տա­րե­լի­ցը կու գայ վե­րա­նո­րոգ պատ­գա­մով ա­հա­զան­գը հնչեց­նե­լու ազ­գա­յին դա­սալ­քու­թեան ան­նե­րե­լի չա­րի­քին դէմ։

Պատ­մա­կան դառն ու դա­ժան ի­րո­ղու­թիւն է, որ ­Հոկ­տեմ­բեր 30ի օ­րը, 1920 թո­ւա­կա­նին, Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ ա­ռանց պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր յար­ձակ­ման ձեռ­նար­կած քե­մա­լա­կան զօր­քը ար­դէն հա­սած էր ­Կար­սի մա­տոյց­նե­րուն, իսկ բեր­դա­քա­ղա­քի պաշտ­պա­նու­թեան կո­չո­ւած հայ­կա­կան զօր­քին ե­րի­տա­սարդ հրա­մա­նա­տա­րը՝ գնդա­պետ ­Մազ­մա­նեան հա­կագ­րո­հի հրա­հանգ տո­ւած էր իր զի­նո­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք սա­կայն մեր­ժե­ցին են­թար­կո­ւիլ ի­րենց հրա­մա­նա­տա­րին ու… դա­սալքու­թեան դի­մե­ցին։

Պար­զո­ւած ա­մօ­թա­լի դա­սալ­քու­թեան դէմ յան­դի­ման, Գնդ. ­Մազ­մա­նեան սե­փա­կան ատր­ճա­նա­կով ինք­նաս­պան ե­ղաւ իր զի­նո­ւոր­նե­րուն աչ­քին առ­ջեւ…

Գնդ. ­Մազ­մա­նեա­նի ինք­նաս­պա­նու­թիւ­նը միայն սկիզբն էր ող­բեր­գու­թեան, որ ա­հագ­նա­ցաւ հեղ­ձու­ցիչ ա­րա­գու­թեամբ։

Թր­քա­կան զօր­քի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար ­Քեա­զիմ ­Քա­րա­պե­քի­րի յու­շե­րուն հա­մա­ձայն՝ քե­մա­լա­կան զի­նո­ւոր­նե­րը եւ ա­նոնց միա­ցած թուրք, քիւրտ, մահ­մե­տա­կան թէ հայ պոլ­շե­ւիկ ապս­տամբ­նե­րը ե­րեք ժա­մո­ւան մէջ գրա­ւե­ցին ամ­բողջ քա­ղա­քը, հայ­կա­կան բա­նա­կի բազ­մա­հա­րիւր սպա­ներ ու զի­նուոր­ներ ռազ­մա­գե­րի վեր­ցու­ցին, հսկա­յա­կան քա­նա­կու­թեամբ ռազ­մամ­թեր­քի (թնդա­նօթ, ռումբ, զէնք ու փամ­փուշտ) տի­րա­ցան եւ տաս­նեակ հա­զար­նե­րով ան­զէն բնակ­չու­թիւն «թրքա­վա­րի» կո­տո­րե­ցին։

Թէեւ հայ­կա­կան բա­նա­կը այ­լուր, նոյն օ­րե­րուն մղո­ւող ­Սուր­մա­լո­ւի ճա­կա­տի կռիւ­նե­րուն, հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տո­ւաւ եւ ետ մղեց քե­մա­լա­կան գրոհ­նե­րը, բայց ­Կար­սի ան­կու­մով գրե­թէ ա­ւար­տած էր ռազ­մա­կան փու­լը ­Լե­նին-­Քե­մալ զի­նակ­ցու­թեամբ մշա­կուած Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ­Հան­րա­պե­տա­կան վար­չա­կար­գը կոր­ծա­նե­լու դա­ւա­դիր ծրագ­րին ի­րա­գործ­ման։

Կար­սի ան­կու­մէն ետք , մէկ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, քե­մա­լա­կան զօր­քը մօ­տե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի, իսկ ­Կար­միր բա­նա­կը հիւ­սի­սէն մտաւ ­Հա­յաս­տան եւ հա­սաւ մին­չեւ Ի­ջե­ւան։ Հա­յաս­տա­նի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան դար­պաս­նե­րը, յատ­կա­պէս ­Զան­գե­զու­րը ե­ղաւ միակ ամ­րո­ցը, ուր հայ­կա­կան զօր­քե­րը, Նժդե­հի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, ետ մղե­ցին թշնա­մի զօր­քե­րը։

Ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կոր­ծա­նե­ցաւ ­Լե­նին-­Քե­մալ դա­ւադ­րու­թեան հա­րո­ւած­նե­րուն տակ։ ­Մէկ կող­մէ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հա­կա­պե­տա­կան քա­րոզ­չա­կան խռո­վու­թիւն­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ թուրք եւ մահ­մե­տա­կան բնակ­չու­թեան զի­նեալ ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րը բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ծանր հա­րո­ւա­ծի տակ դրին այ­լա­պէս մար­տու­նակ եւ լա­ւա­պէս զի­նո­ւած հայ­կա­կան բա­նա­կը։

Թր­քա­կան բա­նա­կին դէմ 1918ին կե­նաց-մա­հու կռիւ մղած եւ յաղ­թա­նա­կած հայ ժո­ղո­վուրդն ու ազ­գա­յին զօր­քը ո­րե­ւէ պատ­ճառ չու­նէին դա­սալ­քու­թեան մատ­նո­ւե­լու միեւ­նոյն թրքա­կան գրոհ­նե­րուն դէմ յան­դի­ման։

Բայց 1920ի աշ­նան պա­տա­հած էր ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն մը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։ ­Ռու­սաս­տան վե­րա­դար­ձած էր Անդր­կով­կաս՝ ­Կար­միր հա­մազ­գես­տով ու Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վերջ տա­լու, խորհր­դա­յին իր լու­ծը պար­տադ­րե­լու քա­ղա­քա­կան նպա­տա­կով։

Ա­ւե­լի՛ն. ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած էր ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ հետ ռազ­մա­վա­րա­կան նոր զի­նակ­ցու­թեան մը, ո­րուն ամ­րապնդ­ման ի խնդիր հայ­կա­կան հո­ղե­րուն հաշ­ւոյն պատ­րաստ էր թուր­քե­րուն «կա­շառք» տա­լու..

Իսկ հայ ժո­ղո­վուրդն ու ա­նոր ռազ­մա­կան նե­րու­ժը մարմ­նա­ւո­րող հայ­կա­կան բա­նա­կը պատ­րաստ չէին զէնք բարձ­րաց­նե­լու ռու­սա­կան ­Մուր­ճին դէմ, հա­կա­ռակ որ այդ մուր­ճը թրքա­կան սա­լին վրայ մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծի տակ ա­ռած էր ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու սրբա­զան ի­րա­ւուն­քը։

Այս աս­տի­ճան ա­մօ­թա­լի ող­բեր­գու­թիւն մը ե­ղաւ ­Կար­սի ան­կու­մը հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+