​Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Դարձած Է Մտաւորական Ըլլալու Չափանիշ. Զարաքօլու - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

31 Ekim 2017  

​Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Դարձած Է Մտաւորական Ըլլալու Չափանիշ. Զարաքօլու -

​Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Դարձած Է Մտաւորական Ըլլալու Չափանիշ. Զարաքօլու ​Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Դարձած Է Մտաւորական Ըլլալու Չափանիշ. Զարաքօլու

Թուրքիոյ յայտնի այլախոհ մտաւորականներէն Ռակըպ Զարաքօլուն թրքական «artigercek.com» կայքի իր սիւնակին մէջ կրկին անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան, կը հաղորդէ “Թերթ․am”-ը:

Ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստին վրայ, որ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւնները որակած է իբրեւ ցեղասպանական արարք եզիտիներու, քրիստոնեաներու եւ ալաուիներու դէմ՝ Զարաքօլու շեշտած է, որ այս արարքները 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն են, եւ աւելցուցած է, թէ բոլորը պէտք է նախ առերեսուին իրենց պատմութեան հետ, նոր ցեղասպանութիւններ կանխելու համար:

Զարաքօլու ընդգծած է Թուրքիոյ պետութեան եւ Թուրքիոյ հասարակութեան համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու անցեալին հետ առերեսուելու անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ Ցեղասպանութիւնը հերքող որեւէ երկրի քաղաքացի չի կրնար ապահով զգալ:

Միաժամանակ, մտաւորականը հպարտութեամբ նշած է, որ թէեւ իրենք ծանր գին կը վճարեն ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելու համար, սակայն այսօր Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձած է մտաւորական շրջանակներու ներկայացուցիչ ըլլալու իւրօրինակ չափանիշ:

Զարաքօլու գրած է. «Ցեղասպանութեան ժխտումը, իրականութեան մէջ, կը նշանակէ ըսել՝ «Այո՛, ըրած ենք եւ եթէ պէտք ըլլայ՝ նորէ՛ն կ՛ընենք»»: Ան ցաւ յայտնած է, որ հայերը այսօր հասած են այնպիսի վիճակի, ուր «ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին իրենց ազգային ինքնութեամբ կրնան ապրիլ միա՛յն Պոլսոյ մէջ, եւ այդ ալ՝ մշտական վախի մէջ»:

Նշենք, որ Զարաքօլուի հիմնած «Պելկէ» հրատարակչատունը առաջիններէն էր Թուրքիոյ մէջ, որ անդրադարձած է Հայկական Հարցին՝ 1990-ականներու սկիզբները: Հրատարակչատունը հրապարակած է «Յուշամատեան Ապրիլ 24-ին», «Թուրքիոյ Վարած Ուծացման Եւ Լեզուասպանութեան Քաղաքականութիւնը», «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եւ Հայկական հարցին նուիրուած տասնեակ մը այլ գիրքեր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+